Չորեքշաբթի, 9 Ապրիլին, «Գէորգ Հ. Արապեան» միջնակարգ դպրոցի աշակերտները, Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, այցելեցին Վիլժիւիֆի «Փօլ Կիրօ» հոգեբուժարանը, ուր Կոմիտաս վարդապետ անցուցած էր կեանքի վերջին տարիները։ 1995-ին, հիւանդանոցի շրջափակին մէջ զետեղուած է արուեստագէտ Արշաւիր Եղիազարեանի քանդակած Կոմիտասի կիսանդրին, որուն շուրջ աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը՝ դուդուկի ընկերակցութեամբ հնչեցնելով Կոմիտասի «Քելէ, քելէ»-ն, եւ ասմունքելով Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»էն, ինչպէս նաեւ Շիրազի եւ Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւններէն հատուածներ։ Կոմիտասի արուեստի համամարդկային արժէքին եւ անոր կեանքին անդրադարձաւ ֆիլմարուեստի մասնագէտ Սէրուժ Յովսէփեան, ապա, երաժիշտ Ռուբէն Կնիսեան աշակերտներուն ներկայացուց տուեալ բուժարանի արխիւներուն մէջ իր կատարած պրպտումներէն երեւան եկած Կոմիտասի կեանքին վերաբերող մանրամասնութիւններ։ Ալֆորվիլի Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ ծուխի քահանայ՝ Տէր Տիրայր Գըլըճեան աղօթեց Վարդապետին եւ Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերու հոգիներուն խաղաղութեան համար։ Ապա, աշակերտները եւ ընկերակցող խումբը ծաղիկներ զետեղեցին կիսանդրիին առջեւ՝ անգամ մը եւս խոնարհելով Վարդապետի յիշատակին եւ վաստակին առջեւ։
Շատ խօսուած եւ գրուած է Կոմիտասի բազմակողմանի տաղանդին մասին։ Անգնահատելի է անոր բերած նպաստը հայ մշակոյթին։ Այսուհանդերձ, Կոմիտաս վարդապետի կատարած գործը՝ զուտ ազգային դիտանկիւնէն, շատ աւելի բարձր է սոսկ երաժիշտի մը կամ երգահանի մը կատարած դերէն։ Այսօր, արդէն ընդունուած իրականութիւն է, որ երգն ու երաժշտութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունին մանուկի մը գեղագիտական կազմաւորման գործընթացին վրայ, նոյնպէս փաստուած է ժողովրդական երաժշտութեան դերին կարեւորութիւնը՝ անհատի մը ազգային ինքնութեան պահպանումին եւ փոխանցումին իմաստով։ Կոմիտաս առաջիններէն եղաւ, որ գիտակցեցաւ հայրենի երգի ուժին եւ յաջողեցաւ հայրենի երգը դարձնել ազգային միութեան ամուր կապ մը՝ մայրենի լեզուին պէս հզօր եւ հիասքանչ։ Հայկական վարժարան յաճախող ո՞ր մանուկը չի թոթովեր կոմիտասեան քանի մը երգ, ո՞ր հայ պատանին, Կոմիտասի երաժշտութիւն ունկնդրելով՝ չի գտներ իր ազգային դիմագիծը եւ հպարտութիւնը։ Աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ գտնուող ո՞ր հայ աշակերտը չի սնուիր, չի դաստիարակուիր անոր «Լորիկ»-ով, «Կաքաւիկ»-ով, «Քելէ քելէ»-ով կամ «Քելէր, ցոլէր»-ով, կամ ո՞ր հայուն համար հոգեհարազատ չէ «Կռունկ»-ը, «Հով արէք»-ը, «Հորովել»-ը եւ տակաւին շատ ու շատ ստեղծագործութիւններ։ Ահա հոս է նաեւ Կոմիտաս վարդապետի գործին մէկ այլ կարեւորութիւնը` երգը եւ երաժշտութիւնը դարձնել միացնող գործօն։
Եւ թերեւս այս է գաղտնիքը, որ հայ ժողովուրդը սիրեց Կոմիտասը, անոր մէջ տեսաւ ազգը համախմբող մաքուր եւ հարազատ պատկեր մը, եւ պատահական չէ, որ սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ կանգնեցուած են Կոմիտասը խորհրդանշող բազմաթիւ յուշակոթողներ, քանդակուած են Վարդապետը յաւերժացնող կիսանդրիներ եւ կը գործեն իր անունը կրող երաժշտանոցներ, իր անունով կոչուած են հրապարակներ եւ փողոցներ։
Ն.Թ.
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։