Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՆԳԱՐԱ – Ալիեւ անամօթաբար Հայաստանին առաջարկած է «Ղարաբաղի մէջ հայերու ներկայութեան» դիմաց՝ ընդունիլ «ազերի գաղթականները»

Մարտ 16-ին, Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւ՝ ելոյթ ունենալով «Թրքական պետութիւններու  կազմակերպութեան» համաժողովին, լիրբ առաջարկ մը ըրած է Հայաստանին։

“Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնքին կողմէ մշակուած վերադարձի հայեցակարգին համաձայն՝ ներկայի Հայաստանի տարածքէն բռնի տեղահանուած Ազերիները հայրենի հողեր վերադարձնելու համար պէտք է գոյանայ իրաւաբանօրէն պարտադիր միջազգային համաձայնութիւն՝ երաշխաւորման եւ վաւերացման համապատասխան գործիքակազմով։  Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մենք կ՚ապահովենք Ղարաբաղ բնակող Հայերու անձնական իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, Հայաստան նոյնպէս պէտք է ապահովէ արեւմտեան Ազերպայճանցիներու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը փոխադարձութեան սկզբունքի հիման վրայ”,– Ալիեւի այս խօսքերը մէջբերած է ԱՓԱ գործակալութիւնը։   

Փաստօրէն Ազերպայճանի նախագահը այսպէսով կը փորձէ հետագայ յարձակման համար հող պատրաստել։