Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Մարտ 15-ին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին քննարկած են հայ-ազերպայճանական խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցություններու հարցը:
Անդրադառնալով երկկողմ յարաբերութիւններուն՝ անոնք ընդգծած են Պաքուի եւ Անգարայի յաջող համագործակցութիւնը՝ քաղաքական, տնտեսական, առեւտրային, ուժանիւթի եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառներուն մէջ։
Նշենք, թէ Ալիեւ Թուրքիա գացած է մասնակցելու Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան արտակարգ համաժողովին։ ■