Մայիս 27-ին Անն Հիտալկօ Հայաստան իր պաշտօնական այցը սկսած է երկրին հարաւի Գորիս քաղաքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպումով մը։ Փարիզի քաղաքապետուհին յայտարարած էր, որ կը փափաքի երթալ Ստեփանակերտ, սակայն Ռուսերը մերժած ըլլալով անոր տրամադրել անհրաժեշտ այցագիրը (visa)՝ Արցախի պետութեան ղեկավարը անոր քով եկած է Գորիս։ Յարութիւնեան ժամանած է ստուար պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ՝ որուն ի միջի այլոց մաս կը կազմէր Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան։
Հիտալկօ եւս բաւական ստուար պատուիրակութիւնով մը գացած է Գորիս, քանի որ Փարիզի քաղաքապետուհիին ընկերացած են Փօլ-Տաւիտ Ռենիէ, Անոյշ Թորանեան, Առնօ Նկաչա, Ֆրանսուա Տեվեճեան, ինչպէս նաեւ Յասմիկ Տոլամջեան, Յովհաննէս Գէորգեան, Արա Թորանեան, Մուրատ Փափազեան, Նատիա Գործունեան:
Պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցած է ճաշի մը շուրջ, որու ընթացքին Արցախի նախագահը ամփոփած է իրավիճակը։ Արայիկ Յարութիւնեան յիշեցուցած է, որ պրիւսէլեան վերջին բանակցութիւնները Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հովանիին ներքոյ, բնաւ ընդունելի չեն Արցախցիներուն համար, որոնք կտրականապէս կը մերժեն անգամ մը եւս յայտնուիլ ազերպայճանական լուծի տակ։ Ան կրկնած է ամբողջ ժողովուրդի մը ազատ ապրելու կամքը եւ պահանջած է ինքնորոշման իրաւունք:
Այս թունդ ու յստակ արտայայտութիւններուն՝ նոյնքան յստակութեամբ պատասխանած է Փարիզի քաղաքապետուհին, վերահաստատելով իր զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքին։ Ան իր աջակցութիւնը յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումին։
Զրոյցը շարունակուած է Գորիսի շրջապտոյտով եւ Santé Arménie-ի աջակցութեամբ գործող Ֆրանքեւհայկական սրտաբանական կեդրոն այցով։