Արցախի Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով կը հաղորդէ, թէ Արցախը Հայաստանին կապող մայրուղիի՝ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ Ազերպայճանի անցակէտ տեղադրելէն յետոյ, Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի շրջանի Եղցահող, Հին Շէն, Մեծ Շէն և Լիսագոր համայնքներու բնակիչները մնացած են ամբողջական շրջափակման մէջ։ Անոնք կտրուած են թէ՛ Ստեփանակերտէն, թէ՛ ալ Հայաստան մեկնելու կարելիութենէն: