Աշխատանքային այցով Ֆրանսա կը գտնուին Արցախի նախագահի խորհրդականներ Ազատուհի Սիմոնեան եւ Լուսինէ Ղարախանեան: Մարտ 17-ին, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի կեդրոնին մէջ անոնք հանդիպում կ՚ունենան ֆրանսահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ լրասփիւռներուն հետ։
Մինչ այդ, արցախցի խորհրդականները,– Ֆրանսայի մէջ ԱՀ մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի ուղեկցութեամբ,– այցելած են Հայաստանի դեսպանատունը եւ տեսակցութիւն ունեցած դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի հետ։ Անոնք Սեւրի Մխիթարեան վարժարանին մէջ ծանօթացած են կրթօճախի հարուստ անցեալին եւ ապագայի ծրագրերուն։
Սիմոնեան և Ղարախանեան ծաղիկներ խոնարհած են Կոմիտասի յուշարձանին: