Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Ապագայ հայկականը» համաժողովը եւ թուային ժողովրդավարութիւն

Վերջապէս կայացաւ «Ապագայ հայկականը»-ի համաժողովը, Երեւանի մէջ, Մարտ 10-12-ին, երեք օրուան վրայ, որու ընթացքին ամէն օր քննարկուեցաւ նախատեսուած երեք նպատակներէն մէկը՝ Պատմական պատասխանատւութիւն, Հայաստան-Սփիւռք միասնականութիւն եւ Բնակչութեան աճ։ 

Համաժողովը եզակի էր իր ձեւաչափով։ Հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ որդեգրուեցաւ քաղաքացիական հաւաքի (assemblée citoyenne) ձեւը։ Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն մասնակցեցան 100-ական հոգի, որոնք ընտրուեցան համակարգչային ծրագրով, մասնակցութեան փափաք յայտնած 5714 անձերու մէջէն։ Մի քանի տարիէ ի վեր առցանց հանրային քուէարկումով ընդունուած էին 15 գերակայ նպատակներ, որոնցմէ վերոնշեալ երեքը քննութեան արժանացան այս անգամ։ Նախքան համաժողովը փորձագիտական յանձնախումբեր 5 ամիսներու երկայնքին ուսումնասիրած էին այդ 3 նպատակները, եւ որոնց եզրակացութիւնները իբրեւ առաջարկ, ներկայացուեցան համաժողովի անդամներուն, զորս իրենց կարգին իրենց խորհրդածութիւններով եւ առաջարկներով լրացուցին, ճոխացուցին եւ քննարկումի աւարտին ժողովականներու առաջադրութիւնները քուէարկեցին։ 

«Ապագայ հայկական»-ը նախաձեռնութիւնը արտասովոր է իր անուանումով, իր հարցադրումով եւ գործելաոճով։ «Ապագայ հայկականը» տարազը ինքնորոյն հայկականի որոնումի հարց կը դնէ։ Արագութեան ժամանակաշրջանին, թուային յեղաշրջումներու, անգլերէնի տիրապետութեան, տնտեսութեան համաշխարհայնացումի, միջազգային օրէնքի ոտնակոխումի, գաղթականութեան, մարդկային զանգուածային տեղաշարժի, խառն ամուսնութիւններու, մշակոյթներու ներթափանցումի, բնապահական աղէտներու ազդեցութեան տակ ի՞նչ մնացած է ժողովուրդներու եւ պետութիւններու ինքնութենէն, մշակութային ինքնուրոյնութենէն։ 

Հայութիւնը հաստատ այս հարցադրումին կեդրոնին կը գտնուի, իր սովետական ժառանգութեամբ, Սփիւռքի գոյութեամբ, Արցախի տագնապով, ցեղասպանութեան պատմութեամբ, Ռուսական, Օսմանեան եւ Պարսկական կայսրութիւններու միջեւ տարանջատուած…։ Այսօր հանրային մշակութաբանական խօսոյթին, ռազմավարական տեսութիւններու սահմանումին մէջ, յաճախ կը հանդիպինք հայութեան ապագային մասին՝ հայաստանակեդրոն, սփիւռքակեդրոն, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւն, արեւմըտամէտ, ռուսամէտ, արեւելահայ, արեւմտահայ… նման ընդհանրական բառակապակցութիւններու, որոնք հայութեան ինքնութեան տարբեր պատկերացումներ կը սահմանեն։

Եւ ի՞նչ պատկերացում կը յուշէ «Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութիւնը։ Տարօրինակ բառակապակցութիւն։ Ապագա՞ն, ո՞ր ապագան։ Ո՞ր հորիզոնի ապագան։ Բառակապակցութիւնը տարօրինակ է, որովհետեւ գալիք ժամանակները նշող «ապագայ» բառը, որ թէ՛ գոյական է եւ թէ ածական է, այստեղ գործածուած է իբրեւ ածական, իսկ ինքնութիւնը բնորոշող ածական՝ «հայկականը» դարձած՝ գոյական։ «Ապագայ հայկական»-ը չունի ուղղակի յղում Հայ անհատի կամ աշխարհագրական հողամասի, ինչպէս Հայաստանի, Սփիւռքի…։ Այս դերերու փոփոխութիւնը միտքը թարմացնող ազդակ է։ 

Որքան ալ վերացական թուի այս խորագիրը,– նա՛եւ մերօրեայ մտահոգութիւններուն՝ պատերազմի, Արցախի անկախութեան, արտագաղթի, Սփիւռքի հայութեան տագնապի նկատմամբ…– զայն մտայղացողները, սակայն, խելքերնին լաւ աշխատցնող, ոտքերնին ամուր գետիններու ամրացուցած անձեր են. հինգ-վեց ընկերներ, միջազգային ճանաչում գտած, տնտեսական, գիտական, դրամատիրական ասպարէզին մէջ յաջողած անձեր են, որոնք տարիներ շարունակ հայկական աշխարհին մէջ շատ աշխուժ, մեծածաւալ գործունէութիւն ունեցած, ծրագրեր մշակած եւ իրագործած են, ըլլա՛յ կրթական, ըլլա՛յ հասարակական, ըլլա՛յ մշակութային, ըլլա՛յ պատմական. Աւրորա մրցանակ, ԻԴԵԱ, Դիլիջանի միջազգային դպրոց, Տաթեւի թեւեր, ՄԱՏԵՆԱ նախագիծ, հիմնադրամ…։

Յառաջիկայ տարուան ընթացքին, դարձեալ պիտի գումարուի համաժողովը քննարկելու երեք այլ նպատակներ, որոնք ընտրուեցան քուէարկութեամբ։ Առաջին անգամ ըլլալով ժողովականները մասնակից կը դառնան օրակարգի ընտրութեան, իրաւունք կը ստանան քուէարկելու այս կամ այն առաջարկին թեր կամ դէմ։ Եւ, ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւնը չէ, այլ համակարգչային ծրագիրն է որ կ՚ընտրէ մասնակիցները։ Նոր ժամանակներ, նոր գործելակերպեր։

Ժ.Չ. ■