Կիրակի, Ապրիլ 24-ին, շուրջ 2 000 ցուցարարներ համախմբուած էին Փրատոյի պողոտային վրայ։
Հայկական եռագոյներ, զանազան պատգամներ կրող ցուցատախտակներ պարզած ցուցարարները, հայրենասիրական երգերու ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի թրքական հիւպատոսարան, որ ինչպէս միշտ ոստիկանական խիստ հսկողութեան տակ առնուած էր։ Աւելի լաւ պատկեր մը տալու համար միջավայրէն, նշենք որ հիւպատոսարանին բոլոր պատուհաններն ու դռները փակուած էին, գործելով՝ ամայի շէնքի մը տպաւորութիւնը։
Ելոյթ ունեցան Հարաւի CCAF-ի երեք համանախագահները՝ Օռոր Պրիւնա, Ժիւլիէն Հարունեան եւ Ազատ Պալալաս-Գազանճեան, ինչպէս նաեւ քանի մը այլ ճառախօսներ, ի շարս որոնց՝ նախկին երեսփոխան Հանրի Ժիպրայէլ, Ցեղապաշտութեան եւ ստրկութեան դէմ պայքարի ընկերակցութեան նախագահ՝ Վալի Սիրերա եւ Մարսիլիոյ քրտական համայնքին անունով՝ Սալիհ Ազատ։
Անոնք բոլորն ալ, ի միջի այլոց, դատապարտեցին Էրտողանի եւ Ալիեւի ցեղասպան քաղաքականութիւնը, կոչ ըրին եւրոպական կառավարութիւններուն դադրեցնելու երկակի չափանիշերու քաղաքականութիւնը Անգարայի եւ Պաքուի նկատմամբ, որոնք տարբեր տարածքներու մէջ առաջ կը տանին իրենց ռազմատենչ ծրագրերը։
Ցոյցը աւարտեցաւ առանց միջադէպի։
Այս հաւաքէն ետք, 1915-ի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պատարագ Փրատոյի Սրբոց Թարգմանչաց մայր եկեղեցւոյ մէջ։