Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արաբական ամսագիրը՝ հայ արուեստագէտ Շանթ Աւետիսեանի մասին

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) ազգային լրատուական ամսագիրը՝ «Տը Նէյշընըլ Նիւզ»-ը ընդարձակ յօդուածով մը անդրադարձած է եգիպտահայ արուեստագէտ Շանթ Աւետիսեանին, ընդգծելով որ ան վերակենդանացուցած է Եգիպտոսի ոսկեդարը: Թերթը կը գրէ որ Աւետիսեանի գործերը կը ցուցադրուին բրիտանական թանգարանի, Սմիթսոնեան հիմնարկի,  Ափրիկեան արուեստի ազգային թանգարանի եւ Սկովտիոյ ազգային թանգարանի հաւաքածոներուն մէջ:

Շանթ Աւետիսեան հռչակի տիրացած է եգիպտացի քաղաքական գործիչներու դիմանկարներուն շնորհիւ: Անոր ստեղծագործութիւնները կը ցոլացնեն հին եգիպտական արուեստի տարրեր, իսլամական երկրաչափական նախշեր, օսմանեան ձեւագծումներ:

Արաբական թերթը Աւետիսեանի մասին հարցազրոյց մը ունի անոր մանկութեան ընկերներուն՝ Միքայէլեան եղբայրներուն հետ, որոնք տրամադրած են վարպետին գործերը, ներկայացուելու համար «Եգիպտացի Շանթը» ցուցահանդէսին: Արաբական թերթին լրագրողը «Ի գովաբանութիւն նկարչի մը, որ վերակենդանացուց Եգիպտոսի ոսկեդարը» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ կը նշէ որ 2013-ին Տոհայի մէջ, Սոթպի՚զ աճուրդի տունը վաճառքի հանած էր «Նեղոսի սրբապատկերները» շարքը, որ վաճառուած էր 1,5 միլիոն տոլարի: Ասիկա մրցանշային գումար էր, որ կը վճարուէր արաբական աշխարհէն նկարչի մը աշխատանքին համար, կենդանութեան տարիներուն։

Շանթ Աւետիսեան հայ գաղթական ընտանիքի զաւակ է, կ՚ապրէր Գահիրէ, Ճորճ Միքայէլեանի «Ընթերցողի անկիւն» գրախանութէն երկու թաղամաս անդին: Նկարիչը մահացած էր 2018-ին, 67 տարեկանին:

Օր մը լրագրող մը հարցուցած է Աւետիսեանին թէ՝ ո՞ր երկիրը բարեկամ կը նկատէ: Աւետիսեանի պատասխանը ուշագրաւ եղած է. «Ես կը նախընտրէի աշխատիլ Գահիրէի, ցուցադրել Պէյրութի, արձակուրդս անցընել Հայաստանի մէջ»:

Շանթ Աւետիսեան 1969 թուականէն մինչեւ իր մահուան թուականը, անհատական 25 ցուցահանդէս սարքած է աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ: