Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արամ Ա. կաթողիկոս Լիբանանի եւ Սուրիոյ ուսուցիչները նիւթապէս վարձատրած է Ուսուցչաց տօնին առիթով

Ուսուցչաց տօնին առիթով (Մարտ 9), Արամ Ա. կաթողիկոս իր Հայրապետական օրհնութիւնն ու գնահատանքը հաղորդած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ ուսուցիչներուն: Այս առիթով, Արամ Ա. նիւթական օժանդակութիւն կատարած է Լիբանանի (662) եւ Սուրիոյ (400) անխտիր բոլոր վարժարաններու ուսուցիչներուն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը շեշտած է, թէ յիշեալ երկիրներուն դիմագրաւած տնտեսական տագնապին լոյսին տակ, կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն առընթեր, հրամայական է յատուկ ուշադրութիւն ընծայել մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաքելութեան լծուած մեր ուսուցիչներուն:

Յայտնենք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, հետեւողական կերպով, ընկերային ծառայութեան ճամբով կ՚օժանդակէ համայնքային կառոյցներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն: