Դեկտեմբեր 21-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսն ու Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած են։
Նախագահ Յարութիւնեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը՝ Ազերպայճանի կողմէ բնապահական կեղծ պատրուակներով Արցախը մայր Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի շրջափակումով, ինչպէս նաեւ մարդասիրական աղէտը կանխելու ուղղուած աշխատանքները։
Արամ Ա., իր կարգին, նախագահին հաղորդած է Արցախի ի նպաստ իր կատարած աշխատանքները՝ յատկապէս միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն մէջ կատարուած ու կատարուելիք աշխատանքները։ Վեհափառ հայրապետը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնած է Արցախահայութեան՝ նշելով, որ իր աղօթքներուն մէջ միշտ ներկայ է Արցախը եւ մաղթած, որ Աստուծոյ հովանին զօրավիգ ըլլայ Արցախին ու անոր ժողովուրդին։