2025 Ապրիլին, «Արաս» հրատարակչութիւնը թրքերէնով լոյս ընծայած է Ժիրայր Լիպարիտեանի գիրքը՝ «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները» խորագրով։
1978-2017 թուականներու միջեւ գրած յօդուածներէն, ունեցած ելոյթներէն եւ հարցազրոյցներէն կազմուած այս գիրքը, համապարփակ կերպով կ’անդրադառնայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պետութիւններու միջեւ բանակցային հոլովոյթներուն, հայ եւ թուրք ժողովուրդներու եւ գիտնականներու յարաբերութիւններուն:
Լիպարիտեան, անցեալի վերապատկերացման, ներկայի եւ ապագայի վերաիմաստաւորման մասին առաջարկներ կը ներկայացնէ, միաժամանակ խնդրոյ առարկայ դարձնելով հայերու եւ թուրքերու միջեւ հարցերու լուծումը դժուարացնող ընկալումները, նախապաշարումները եւ ակադեմական մօտեցումները: Ան կ՚անդրադառնայ նաեւ Թուրքիոյ պաշտօնական պատմական մօտեցման պարտադրած սահմանափակումներուն եւ երկու երկիրներու միջեւ հաստատուած եւ հաստատուելիք կամուրջներուն:
304 էջերէ բաղկացած գիրքը թարգմանած են Նեսրին Ուչարլար (անգլերէնէ) եւ Արթուն Կեպենլիօղլու (հայերէնէ)։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։