Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Մարկ Նշանեանի «Գեղագիտական ազգայնականութիւն»-ը

Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է «ԿԱՄ մատենաշար»-ի երկրորդ միաւորը՝ Մարկ Նշանեանի «Գեղագիտական ազգայնականութիւն»-ը, որ կ՚անդրադառնայ ԺԹ. դարու ազգայնացումի երեւոյթին, իրարմէ անջատելով ու կողք-կողքի դնելով անոր երկու երեսները՝ ազգային բանասիրութեան սկզբնաւորութիւնը եւ առասպելաբանական կրօնքին գիւտը։ Երկուքին միջեւ կապակցութիւնը յայտնի կը դառնայ միայն երբ նկատի առնենք կայսերական իշխանութեան համակարգին մէջ՝ ենթակայ ժողովուրդներուն մէջ ազգայնացումի հոլովոյթը։ Նշանեան նոյն երեւոյթին երկու երեսներէն իւրաքանչիւրը պահած է իր բաժնին մէջ, երկուքին միջեւ ագուցումը կրկին երեւցնելու համար որպէս հարց, եւ ո՛չ թէ որպէս ստուգութիւն։