Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Սուրիա

 

Փետրուար 23-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Դամասկոս: Միրզոյեան Սուրիա գացած է աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ մարդասիրական երրորդ օգնութիւնը տեղ հասցնելու նպատակով: 

Դամասկոսի օդակայանին մէջ Միրզոյեանը դիմաւորած է Սուրիոյ իր պաշտօնակից Ֆայսալ ալ-Մեքտատ: Այնուհետեւ երկու նախարարները գլուխ-գլխի զրոյց ունեցած են։

Հանդիպումին՝ Արարատ Միրզոյեան ցաւակցութիւն յայտնած է Փետրուար 6-ին պատահած աւերիչ երկրաշարժին կապակցութեամբ եւ հաղորդած Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի զօրակցութիւնը։ 

Կողմերը քննարկած են նաեւ երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով հայ-սուրիական համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Անոնք արձանագրած են, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները հիմնուած են հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու բազմադարեայ բարեկամութեան վրայ: Այս առումով ընդգծուած է, որ Սուրիոյ հայկական համայնքը իւրայատուկ կամուրջի դեր կը կատարէ երկու երկիրներու միջեւ։

Միրզոյեան իր պաշտօնակցին ներկայացուցած է Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի մանրամասնութիւնները:

Միրզոյեան – ալ-Ասատ տեսակցութիւնը

Նոյն օրը, Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ-Ասատ ընդունած է նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Կողմերը քննարկած են Սուրիոյ՝ աղէտէն տուժած շրջաններուն մէջ ստեղծուած կացութիւնը ու առկայ խնդիրներու յաղթահարման ուղղուած աշխատանքները, անդրադառնալով նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող հարցերուն:

Ալ-Ասատի հետ հանդիպումէն ետք, Միրզոյեան մեկնած է Հալէպ։