Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արարատ Միրզոյեան.– «Ազերպայճան միտում ունի տապալելու խաղաղութեան գործընթացը»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հակազդելով Ալիեւի՝ Իտալիոյ մէջ ըրած յայտարարութիւններու ընթացքին անգամ մը եւս  Օգոստոս 31-ի պրիւսէլեան հանդիպման վերաբերեալ որոշ շահարկումներ կատարելու փորձը, ըսած է թէ՝ բանակցութիւններու շարունակական կամայական, իրականութեան չհամապատասխանող մեկնաբանութիւնները եւ համաձայնութիւններու իրագործումէն խուսափիլը առիթ կու տան մտածելու, որ Ազերպայճան միտում ունի տապալելու խաղաղութեան գործընթացը եւ ուժի կիրարկման միջոցով շարունակելու ցեղային զտումներու իր քաղաքականութիւնը:

Նախարարը նաեւ ընդգծած է, որ հայկական կողմի տեսակէտը՝ Ազերպայճանի առաջարկած հինգ կէտերուն վերաբերեալ անփոփոխ է: “Ինչպէս ասել ենք նախկինում, 2022 Մարտ 10-ին Ադրբեջանի կողմից փոխանցուած առաջարկներում մեզ համար անընդունելի ոչինչ չկայ: Այլ բան, որ այդ առաջարկները չեն հասցէագրում Հայաստան-Ադրբեջան համապարփակ խաղաղութեան օրակարգի բոլոր հարցերը: ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրներին փոխանցած մեր պատասխանով մենք լրացրել ենք օրակարգը, եւ հետեւաբար՝ այդ հէնքի վրայ պատրաստ ենք խաղաղութեան բանակցութիւնների շարունակութեանը”,– ըսած է Միրզոյեան: