Արարատ Միրզոյեան. «Գերիներու հարցը չէ ներառուած խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ»

Մարտ 14-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նիստին յայտարարած է, թէ խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին մէջ չեն ներառուած մարդասիրական հարցերը, ոչ ալ՝ գերիներու խնդիրը։

Ըստ անոր՝ թէեւ այս հարցերը անմիջականօրէն չեն տեղաւորուիր սահմանազատման եւ ապաշրջափակման քննարկումներուն մէջ, բայց անոնք միշտ արձանագրուած են հայկական կողմի՝ Ազերպայճանի եւ միջազգային գործընկերներու հետ բանակցային օրակարգին վրայ։

“Մարդասիրական հարցերու լուծումը եւ առաջին հերթին գերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու ազատ արձակումը շատ կարեւոր բաղադրիչ է համապարփակ կարգաւորման համար”,– ընդգծած է Միրզոյեան։

Այսպէսով, հակառակ անոր, որ խաղաղութեան պայմանագիրը ձեւաւորուած է որպէս երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմնական փաստաթուղթ, ան չի լուծեր բոլոր կարեւոր խնդիրները, ինչպիսիք են՝ մարդասիրական եւ մարդկային իրաւանց առնչուող հարցերը, որոնք կը պահանջեն շարունակական բանակցութիւններ։