Արդարադատութեան միջազգային ատեանը՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր դատական մարմինը, հանրային ունկնդրութիւններ կատարեց ընդառաջելով՝ ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային համաձայնութեան կիրարկման հիմքով Ազերպայճանի դէմ Հայաստանի ներկայացուցած՝ ժամանակաւոր միջոցներ որդեգրելու դիմումին։ Սոյն ատեանը միջազգային դատական ատեաններուն մէջ բարձրագոյնն է, որուն վճիռը կրնայ բախտորոշ ըլլալ ստիպելու համար Ազերպէյճանը քաշուելու Լաչինի միջանցքէն, ըստ 2020 Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեան 6-րդ կէտին։
Աւելի քան 50 օրէ ի վեր տեւող Արցախի շրջափակումը վերացնելէ զատ, այս դատավարութիւնը պիտի ունենայ նաեւ էական նշանակութիւն միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն Լաչինի միջանցքին կարգավիճակը սահմանելու առումով։ Եթէ այսօր տեղի տրուի ազերպայճանական պահանջներուն, Հայաստան-Արցախ ազատ երթուդարձի սահմանափակումները կրնան յաճախակի դառնալ ու Արցախի կարգավիճակը եւս կ՚ունենայ անորոշ ապագայ։
Արդարադատութեան միջազգային ատեանին մէջ Հայաստանի պաշտպանական խումբի ղեկավար Եղիշէ Կիրակոսեան ամփոփ կերպով ներկայացուց Լաչինի շուրջ ծաւալող իրադրութիւնը, Ազերպայճանի դէմ մեղադրանքներն ու պահանջները. «Հայաստանը շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղ ապրող Հայերու ճակատագրով։ Մենք ձեր քով թեթեւ սրտով չենք եկած. մեր խնդրանքով արծարծուած հարցերը յոյս ունէինք, որ լուծուած ըլլային ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի միջամտութեամբ 2022 Դեկտեմբեր 20-ին, ինչպէս նաեւ Ատեանին յղուած նամակներով, բայց, կարծէք թէ Ազերպայճան հաստատակամ է խեղդելու Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը ինչ ալ ըլլայ անոր գինը։ Մէկ հոգի արդէն մահացաւ բժշկական օգնութեան բացակայութեան պատճառով, շատերը նման բախտի արժանանալու վտանգի տակ են։ Նպարեղէններու դարակները դատարկ են, սնունդը կտրօններով կը բաշխուի, բժշկական պարագաներու ու դեղորայքի պակաս կայ, կազը բազմիցս խզուած է, ելեկտրականութեան ծանրաբեռնուածութիւնը ստիպած է անջատումներ կատարելու, դպրոցներն ու մանկապարտէզները փակ են, երախաները բաժնուած են իրենց ընտանքիներէն։ Ի հեճուկս այս մարդասիրական ճգնաժամին, Ազերպայճան բնապահական պատրուակներու միջոցով կը շարունակէ փակ պահել ճանապարհը, կը խախտէ նաեւ 2020 Նոյեմբեր 9-ի իր պարտաւորութիւնը, եւ այսպէս կը գործէ միջազգային գրեթէ միաձայն դատապարտումի լոյսի ներքոյ»։
Հետաքրքրականը այն էր, որ Ազերպայճանի պաշտպանական կողմը նոյնպէս մէջբերելով 2020 Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութիւնը շեշտեց, որ մեղաւորը ռուսական կողմն է, որովհետեւ միջանցքը անոր վերահսկողութեան տակ է, իսկ ազերի «բնապահ»-ները ոչ մէկ արգելք կը յարուցեն հիւանդներու, դեղորայքի եւ այլ կենսական ապրանքներու փոխադրումներուն, ըլլայ Միջազգային կարմիր խաչի կազմակերպութեան, ըլլայ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի միջնորդութեամբ, այլ ընդհակառակն, ռուսական կողմն է, որ ցայժմ արգելք հանդիսացած է Արցախի քաղաքացիներուն Հայաստան մեկնելուն, եւ թէ ռուսական վեց անցակէտեր կան Լաչինի միջանցքով, իսկ «բնապահ»-ները միայն Շուշիի անցակէտին կանգնած են։
Ազերական կողմը նոյնիսկ ամբաստանեց Հայաստանը, որ վերջին վայրկեանին քաշուած է ռուսական կողմին հետ եռակողմ բանակցութենէն, որուն ընթացքին պիտի քննարկուէին միջանցքի բացումին պայմանները։ Աւելին՝ Հայաստան չէ մասնակցած, որովհետեւ չ՚ուզեր ներգրաւուիլ Արցախի իշխանութեան հետ բանակցութիւններու մէջ։
Ինչ կը վերաբերի «բնապահ»-ներու ազերական պետութեան կողմէ զինուորագրեալ ըլլալուն, ընկերային ցանցերու վրայ անոնց զինուորական համազգեստներով նկարներու փաստարկումին, պաշտպանական կողմը յայտարարեց, թէ ազերի քաղաքացիներու սահմանադրական իրաւունքն է ըլլալ բնապահ եւ կարելի չէ անոնց ցոյց կատարելու քաղաքացիական իրաւունքը սահմանափակել։ Իսկ խտրականութեան եւ ցեղային զտումի ամբաստանութիւնները անհիմն որակեց պնդելով, որ շրջագայութեան ոչ մէկ արգելք դրուած է ազերական կողմէն, ուրեմն, մարդասիրական աղէտ չկայ եւ պէտք է մերժել Հայաստանի միջանկեալ միջոցի կիրարկումի պահանջը։
Ի՞նչ վճիռ պիտի արձակէ Ատեանը, նկատի առնելով, որ մեղադրուող Ազերպայճան իր կարգին կը մեղադրէ Ռուսաստանը, իսկ Հայաստան բոլորովին կ՚անտեսէ Ռուսաստանի դերակատարութիւնը Ատեանին առջեւ, թէեւ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ կը քննադատէ զայն իր ռազմավարական դաշնակցային պարտաւորութիւնները չկատարելուն համար։
Ժ.Չ. ■