ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ամփոփելով Ուաշիկթոնի մէջ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներու հետ եռակողմ ու երկկողմ բանակցութիւններու արդիւնքները՝ նշած է, որ կողմերը վերջին օրերուն բարդ հարցեր քննարկած են եւ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրած՝ խաղաղութեան պայմանագրի հարցին շուրջ. «վերջնական համաձայնութիւնը պիտի ըլլայ պատմական եւ պիտի բխի Հայաստանի ու Ազերպայճանի շահերէն»,– յայտարարած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարը՝ աւելցնելով, որ «մարաթոնի վերջին մղոնը միշտ ամենադժուարն է, բայց ԱՄՆ-ն այստեղ է՝ օգնելու մեր ընկերներուն, որ հասնին վերջնագծին»։
Իսկ վարչապետ Փաշինեան Փրակայի մէջ Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն ակնարկելով շատ յուսախաբ էր, ըսելով թէ տակաւին կողմերը տարակարծիք են հիմնական հարցերու շուրջ, եւ եթէ նախօրօք տեսակէտերու միջեւ մէկ քիլոմեթր տարածութիւն կար, ներկայիս կայ 990 մեթր։ Մէկ խօսքով հանգամանալից ո՛չ մէկ յառաջխաղացք։
Իսկապէս լուրջի պէ՞տք է առնել Հայաստան-Ազերպայճան բանակցային գործընթացի արեւմտեան միջնորդութիւնը, այնքան որ ծիծաղելի են ձեռք բերուած արդիւնքները, չըսելու համար խայտառակ, ողորմելի։ Անցեալ Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ՝ շուրջ 300 զոհ ու 200 վիրաւոր պատճառած յարձակումէն մինչեւ ձեռամբ «բնապահներ»-ու՝ շրջափակումը, Արդարութեան միջազգային ատեանի վճիռին անտեսումը, Արցախի երեք ոստիկաններու սպանութիւնը, Տեղ գիւղի սահմանազատման ժամանակ բանակցելու պատրուակով խումբ մը զինուորականներու վրայ անակնկալ յարձակումը, չորս զինուորի սպանութիւնը… մինչեւ սահմանային նոր անցակէտի տեղադրումը Հակարի կամուրջին վրայ, հակառակ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեան։ Մէկ խօսքով, գետնին վրայ երթալով աւելի վատթարացող իրավիճակ է։ Եւ տակաւին արեւմտեան դիււանագէտներ, քաղաքական մարդիկ, պետական պաշտօնեաներ, միամտաբար կը շարունակեն պնդել, որ միայն բանակցութեամբ պէտք է լուծել հակամարտութիւնը, այն ալ երկու երկիրներու երկկողմ համաձայնութեամբ։ Հայաստան ու Ազերպայճան, այսօր ոչխարի ու գայլի դիրքերու վրայ են։ Եթէ առանձին ձգես, արդիւնքը բոլորը գիտեն։ Պարտուած Հայաստան անդադար կը յայտարարէ, որ պատրաստ է խաղաղութեան պայմանագիրին, իսկ յաղթական Ազերպայճան կը պահանջէ որ Հայերը յանձնուին կամ լքեն Լեռնային Ղարաբաղը։ Կը պահանջեն, ի հարկին ուժով կ՚ուզեն Զանգեզուրի միջանցքը ձեռք բերել։
Մէկ խօսքով, Պլինքընի կազմակերպած ուաշինկթընեան բանակցութիւնները ամբողջական ֆիասքօ մըն էին, զորս ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարը կը փորձէ շպարել իբրեւ յառաջախաղացում։ Չորս օր բանակցիլ, այնքան միջնոց եւ ժամանակ տրամադրել, որպէս աշխարհի հզօրագոյն պետութիւն՝ հակամարտող երկու երկիրներ հրաւիրել եւ չկարենալ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ ճանապարհային քարտէս գծել… կը նշանակէ կա՛մ սկզբունքային սխալ մը կայ, եւ կամ թակարդ մը։ Երկու կողմերու միջեւ վիհը այնքան մեծ է, որ յաւակնութիւն պէտք չէ ունենալ անմիջական լուծումի։ Կամ պէտք է խաղի օրէնքներ պարտադրել։ Երբ ո՛չ մէկը կայ, ո՛չ ալ միւսը, ըսել է թէ նպատակը բոլորովին այլ է։ ԱՄՆ-ն այս հանդիպումը կազմակերպելով կը լուծէ ի՛ր ռազմավարական խնդիրները եւ ոչ թէ հակամարտող կողմերու։ ԱՄՆ-ու նպատակը մէկ է՝ Ռուսաստանը դուրս ձգել բանակցութեան գործընթացէն եւ կամաց-կամաց զայն վտարել նախ Արցախէն, այնուհետեւ ալ՝ Հայաստանէն ու տարածաշրջանէն։ Եւ ԱՄՆ-ու որդեգրած գործիքը բռնակալ Ալիեւն է։ Բոլոր կանաչ լոյսերը վառած են անոր առջեւ, որ գործէ անկաշկանդ։ Ո՛չ մէկ պատիժ, ո՛չ մէկ սպառնալիք, անձի մը հանդէպ որ իր երկրին մէջ բռնի կերպով լռեցուցած է ժողովրդավարական բոլոր արտայայտութիւնները։ Ալիեւ վերջ պիտի տայ Ռուսաստանի ներկայութեան Արցախի մէջ, Արցախցիները հեռացնելով իրենց բնօրրանէն, անտանելի, անհանդուրժելի վիճակ մը ստեղծելով անոնց համար։
Ուաշինկթընեան բանակցութիւններու ձախողումէն ետք, հայեացքները պիտի ուղղուին դէպի Պրիւսէլ, ապա դէպի Մոսկուա, ուր այս անգամ երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի մեկնին բանակցելու։ Մինչեւ ե՞րբ Ռուսաստան պիտի հանդուրժէ Ալիեւի նուաստացումներուն։ Ի՞նչ դիւանագիտական, քաղաքական զէնքեր ունի Փութին պարտադրելու խաղաղութեան իր ծրագիրը։ Դամոկլեան սուրը կախուած է նաեւ տարածաշրջանէն ներս Ռուսերու ներկայութեան գլխուն։
Ժ.Չ. ■