Ապրիլ 9-ին, Պուէնոս Այրէսի «Թէքէեան» մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է քննարկում մը՝ «Հայաստան իբրեւ զբօսաշրջային իւրայատուկ ուղղութիւն» խորագրեալ նիւթին շուրջ։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայաստանի դեսպանութեան, Visit Buenos Aires-ի, Զբօսաշրջութեան նորարարութեան և զարգացման դաշնակցութեան, Արժանթին-Հայաստան Առեւտրական պալատին եւ «Թէքէեան» միութեան կողմէ, որոնց ներկայացուցիչները հանդէս եկած են ելոյթներով։
Այնուհետեւ Հայաստանէն ժամանած մասնագէտները ներկայացուցած են հայրենիքի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման նպատակները եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը։
Քննարկման աւարտին, ներկաներուն առիթ տրուած է իրենց հարցումները ուղղելու զբօսաշրջութեան բնագաւառի մասնագէտներուն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։