Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանրային հեռատեսիլէն Պետրոս Ղազարեանի հետ ունեցած հարցազրոյցին յայտարարած է, թէ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեամբ Բերձորի միջանցքը կը պատկանի Ռուսաստանին, հոն կը գտնուին ռուս խաղաղապահները, հետեւաբար տեղւոյն իրադարձութիւններու պատասխանատուն ալ Ռուսաստանն է։
“Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեամբ Ադրբեջանի ստորագրութեամբ Լաչինի միջանցքը ամբողջովին յանձնուել է Ռուսաստանին եւ այս պահին այնտեղ տեղի ունեցող իրադարձութիւնների ամբողջ պատասխանատւութիւնը կրում է Ռուսաստանը: Ի հարկէ, կարող են տարբեր մեղադրանքներ, յայտարարութիւններ լինեն, բայց իրականութիւնը սա է եւ, բնականաբար, Ռուսաստան պէտք է գործի, որպէսզի 120 հազար Հայեր, որոնք գտնւում են Լեռնային Ղարաբաղում ցեղային զտման չ՚ենթարկուեն։ Այս գործողութիւնների միակ նպատակը Լեռնային Ղարաբաղում ցեղային զտում կատարելն է, դրա մասին ադրբեջանական հանրութիւնն է խօսում, որոշակի չափով նաեւ պաշտօնական մակարդակով՝ վերջնագրեր ներկայացնելով այնտեղ ապրող Հայերին։ Հետեւաբար Ռուսաստանը պէտք է գործի”,– ըսած է ան, աւելցնելով, որ եթէ բանակցութիւններու միջոցով հարցը չի լուծուիր Ռուսաստան պէտք է քայլերու ձեռնարկէ։