Մայիս 9-ին, լրագրողներու հետ ասուլիսին, Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ անդրադառնալով Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի՝ «Նեմեսիս» գործողութեան հեղինակներուն նուիրուած յուշարձանի տեղադրման վերաբերեալ յայտարարութիւններուն նշած է.
“Դա Հայաստանի ներքին հարցն է, եւ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի այդ հարցին միջամտելու”։ Ան միաժամանակ վերահաստատած է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմանի՝ յարաբերութիւններու բարելաւման կապակցութեամբ Հայաստանի կեցուածքը։