Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՆՈՒՎԻԼ – Հրանդ Տինք վարժարանի տարեվերջի հանդէսը

Տարւոյս ամռան առաջին օրն է՝ Յունիս 22։

Ծնողներ, կրթա­սէր մար­դիկ, հա­ւաքուած են առա­ւօտեան ժա­մը 10-էն սկսեալ Ար­նուվի­լի Հրանդ Տինք վար­ժա­րանի «Օս­կեան» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ։ Լեփ-լե­ցուն է սրա­հը տա­րեվեր­ջի հան­դէ­սին հա­մար։

Իննսու­նեօթը աշա­կերտներ, նստած են սրա­հի առա­ջին շար­քի աթոռ­նե­րուն վրայ եւ ան­համբեր են բեմ բարձրա­նալու։ Վեր­ջա­պէս տնօ­րէնու­հին ազ­դանշա­նը կու տայ հան­դէ­սը սկսե­լու։ Առա­ջին հեր­թին ման­կա­պար­տէ­զի աշա­կերտներն են որ կը բարձրա­նան բեմ։ Կը փայ­լին անոնք իրենց ար­տա­սանու­թիւննե­րով, թա­տերա­կան խա­ղերով, եր­գե­րով, պա­րերով։ Ծնող­նե­րը ծա­րաւի են տես­նե­լու իրենց զա­ւակ­նե­րուն ձիր­քե­րը։ 

Ու­րախ են անոնք, երբ կը տես­նեն իրենց զա­ւակ­նե­րու ելոյ­թին յա­ջողու­թիւնը, ու­րախ են ու­սուցչու­հի­ները, երբ կը վա­յելեն դրա­կան ար­դիւնքը իրենց թա­փած տա­րեկան ճի­գին, ու­րախ են դպրո­ցի մա­տակա­րար մար­մի­նի վար­չա­կան­նե­րը, երբ կը հաս­տա­տեն թէ ի զուր վատ­նուած չէ իրենց դրա­մական եւ բա­րոյա­կան զո­հողու­թիւնը տաս­նութ տա­րինե­րէ ի վեր։ Անոնք դեռ պի­տի շա­րու­նա­կեն անձնուիրա­բար օժան­դա­կել եւ ծա­ռայել՝ վար­ժա­րանը տնտե­սապէս,– երա­նելի օր մը,– ամէն գնով ինքնա­բաւ դարձնե­լու հա­մար։

Ապա­գայի ջա­հը կը վա­ռէին ման­կա­պար­տէ­զի ման­կիկնե­րը։ Ծի­լը դար­ձած էր բող­բոջ, բող­բո­ջը՝ կո­կոն, կո­կոնը՝ ծա­ղիկ, եւ ծա­ղիկը հպար­տօ­րէն ման­կա­պար­տէ­զի վկա­յակա­նը ձե­ռին, կը ցատկռտէր, քա­նի որ յա­ջորդ տա­րի նա­խակրթա­րանի սան պի­տի ար­ձա­նագ­րուէր։

Ամէն կող­մէ յա­ջողու­թեան մաղ­թանքներ կը տե­ղային ման­կիկնե­րու ապա­գային ուղղուած։

Մթնո­լոր­տը աւե­լի բո­ցավա­ռեցաւ երբ նա­խակրթա­րանի աշա­կերտ- աշա­կեր­տուհի­ները ճո­խացու­ցին յայ­տա­գիրը։ Հայ­կա­կան տա­րազով ժո­ղովրդա­կան պա­րերով՝ ամ­բողջ ան­ցեալի աւան­դութիւն մը սկսաւ լու­սա­ւորել ներ­կան։ Պա­րու­հի­ներուն եւ պա­րող­նե­րուն խան­դա­վառու­թի՞ւնը հա­պա… Հան­դի­սաւոր ծան­րութիւն մը տի­րեց բե­մին վրայ երբ CM2 դա­սարա­նի աշա­կեր­տութիւ­նը հրա­ւիրուեցաւ վկա­յական­ներ ստա­նալու։ 

2023-ին Հրանդ Տինք վար­ժա­րանի չորս բա­րերար­ներ՝ Սեդ­րակ Այ­տըն, Կա­րօ Կա­րապե­տեան, Մով­սէս Մար­տի­րեան եւ Ար­թուն Սո­ժի «Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ» քան­դա­կով, ոս­կե­ձոյլ շքան­շան մը ստեղ­ծե­ցին, ի յի­շատակ Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուստեանի ու նուիրուած՝ Նոր­վան Ար­քե­պիս­կո­պոս Զա­քարեանի կրթա­նուէր վաս­տա­կին, պար­գե­ւատ­րե­լու հա­մար դա­սարա­նին հա­յերէն լե­զուի ամէ­նէն փայ­լուն աշա­կեր­տը։ Նպա­տակը յայտնի է, հա­յերէն լե­զուի հան­դէպ նա­խան­ձախնդրու­թիւն ստեղ­ծել։ Այս տա­րի այս շքան­շա­նը շա­հեցաւ Նա­րեկ Տէ­յիր­մենթաշ։

«Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանին արժանացած Նարեկ Տէյիրմենթաշ եւ Նորվան Սրբազան

Հրանդ Տինք վար­ժա­րանի ամա­վեր­ջի հան­դէ­սը  յատկանշուե­ցաւ նաեւ յու­զում­նա­լից պա­հերով, որով­հե­տեւ դպրո­ցի վաս­տա­կա­ւոր տնօ­րէնու­հի, տի­կին Պրի­ժիթ Ռի­շէ պաշ­տօ­նը կը ձգէր, քա­նի որ թե­ւակո­խած էր թո­շակ ստա­նալու տա­րիքը։ Մե­ծարան­քի պահ մը ստեղ­ծուեցաւ երբ Օրիորդ Թա­նիա Եափար եր­կու լե­զուով ներ­կա­յացուց անոր ու­նե­ցած վաս­տա­կը տա­րի­նե­րու ըն­թացքին այս դպրո­ցի վե­րել­քին մէջ։ Երախ­տա­գիտա­կան զգա­ցումնե­րով լե­ցուն խօս­քե­րուն յա­ջոր­դեց ծաղ­կե­փունջե­րու նուիրու­մը։

Առաջին շարք, ձախէն՝ բարերարներ Սեդրակ Այտըն, Կարօ Կարապետեան եւ Նորվան Սրբազան

Այս առ­թիւ ան­շուշտ բա­րի գալստեան խօս­քեր ար­տա­սանուեցան նոր տնօ­րէնու­հիին՝ տի­կին Վե­րոնիք Լե­ւիին, նշա­նակու­մին առի­թով։ Տի­կին Վե­րոնիք ար­դէն ծա­նօթ է դպրո­ցի մթնո­լոր­տին, քա­նի որ տա­րինե­րէ ի վեր որ­պէս ու­սուցչու­հի կը պաշ­տօ­նավա­րէր։

Ու­րիշ յու­զումնա­լից պահ մը ստեղ­ծեց մեկ­նումի լու­րը տի­կին Հե­լէն Պայ­րա­մեանի, ու­սո­ղու­թեան (mathématiques) ու­սուցչու­հիին։ Դպրո­ցէն ներս շատ սի­րուած հա­յու­հի մը, որ կը դա­սաւան­դէր պե­տական ծրագ­րի առար­կա­ներ։ Ամ­բողջ իր խօս­քի ըն­թացքին աչ­քե­րուն ար­ցունքը չդադ­րե­ցաւ բե­մին վրայ։ Շատ յու­զիչ էր։ Ծա­ղեկ­փունջեր նուիրուեցան նաեւ իրեն։

Հան­դի­սու­թեան աւար­տին բա­կին մէջ ճա­շի պատ­րաստու­թիւններ տես­նուած էին։ Օգ­տուեցան ներ­կա­ները։

Հան­դէ­սի սկիզ­բէն մին­չեւ վերջ, վար­չա­կան­ներ՝ Կա­րօ Կա­րապե­տեան եւ Սեդ­րակ Այ­տըն իրենց ներ­կա­յու­թեամբ քա­ջալե­րեցին ու­սուցչա­կան կազ­մը, աշա­կեր­տութիւ­նը, ծնող­նե­րը եւ ներ­կայ հա­սարա­կու­թիւնը։

Հրանդ Տինք վար­ժա­րանի յա­ջողու­թեան գաղտնի՞քը… Միայն ու միայն տի­րող սի­րոյ մթնո­լոր­տի շնոր­հիւ է։ 

Թ.Շ. ■