Արցախի նախկին Պետական նախարար, իրաւապաշտպան Արտակ Բեգլարեան Դիմագիրքի իր էջին կը գրէ.
«Հակառակ Հայաստանի իշխանութիւններու՝ Ազերպայճանին ըրած յաջորդական միակողմանի զիջումներուն, Ալիեւ կ՚ուզէ ամէն ինչ, ներառեալ՝ անկենսունակ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ շարունակուող հայատեաց քաղաքականութիւն՝ առանց պարտաւորութիւններ ստանձնելու: Ալիեւ մինչեւ հիմա ստացած է բազմաթիւ զիջումներ (այդ կարգին՝ Արցախը)՝ առանց անոնց դիմաց որեւէ բան տալու:
Վտանգը մեծ է եւ շուտով իշխանութիւնները զիջումներ պիտի ընեն նաեւ այն հարցերուն մէջ, որոնց իրագործման համար ցարդ համաձայնագրի ստորագրումը ներկայացուած էր իբրեւ նախապայման (միջազգային դատական դիմումներէ հրաժարում, Մինսքի խումբի լուծում եւ այլն):
Հետեւաբար, կը զգուշացնեմ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ մասնաւորապէս գլխաւոր որոշում կայացնող Նիկոլ Փաշինեանը, որ միջազգային ատեաններուն մէջ դիմումներէ հրաժարելու պարագային բազմաթիւ հայեր, այդ կարգին՝ ես, նոյն միջազգային ատեաններուն մէջ դատի պիտի տանք Հայաստանի իշխանութիւնները՝ մեր իրաւունքները խախտելնուն համար: Աւելի՛ն, մենք մեր կարելին պէտք է ընենք, որ իւրաքանչիւր պաշտօնեայ կրէ անհատական պատասխանատւութիւն «պետութեան» անունով գործուած մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն համար, որոնք առաւել եւս, պիտի արձանագրուին ներպետական եւ ՄԻԵԱ դատական որոշումներով:
Այո՛, մենք խաղաղութեան կարիք ունինք, բայց առաջարկուող համաձայնագիրը չի կրնար բերել խաղաղութիւն ու արդարութիւն, քանի որ ընդհանրապէս նկատի չ՚առներ հակամարտութեան բազմաթիւ կենսական հիմնախնդիրներ եւ բոլոր կողմերու իրական իրաւունքներն ու շահերը: Ամբողջ ժողովուրդի մը հիմնական իրաւունքներու, արժանապատւութեան ու ընդհանրապէս ճակատագրի հաշուոյն խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ, առաւել եւս, երբ դիմացի վարչակազմը ցեղասպանական էութիւն ունի եւ կը պահէ իր իշխանութիւնը մարդատեացութեան ու ցեղասպանական գաղափարախօսութեան հիմասիւներու վրայ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։