Ապրիլ 13 եւ 16-ին Արցախի շուրջ երկու կարեւոր հանրային հանդիպումներ տեղի ունեցան. առաջինը՝ Սորպոնի համալսարանին մէջ դասախօսութիւններու շարք մը Le blocus dans le Haut Karabagh վերնագիրը կրող, որ ունէր նաեւ ենթավերնագիր մը La force prime-t-elle sur le droit ? ։ Իսկ, երկրորդը՝ Du droit à l’autodétermination du peuple du Haut-Karabagh à la reconnaissance de l’Etat d’Artsakh, կազմակերպուած՝ Փարիզի ՀՅԴ Արմէն Գարօ կոմիտէիութեան եւ Նոր Սերունդի կողմէ։ Միաժամանակ կայ երրորդ մըն ալ, Ալեքսի Բազումեանի՝ Արցախի նուիրուած լուսանկարներու աննախադէպ հանրային ցուցահանդէսը «Սեւ Պարտէզը» (« Jardin Noir ») վերնագրով, Փարիզի Սէն-Ժագ աշտարակի հանրապարտէզի ցանկապատերուն վրայ, որ պիտի տեւէ մինչեւ Մայիս 8, կազմակերպուած՝ Փարիզի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, աջակցութեամբ կարգ մը հայկական կազմակերպութիւններու։
Սորպոնի համալսարանի դասախօսութիւնները Արցախի խնդիրը քննարկեցին երեք տեսանկիւններէ՝ աշխարհաքաղաքական, մարդասիրական եւ իրաւական, որոնք պէտք է լուսաբանէին «Ուժը կը գերազանցէ՞ օրէնքը» հարցադրումը Արցախի շրջափակման պայմաններուն մէջ։ Պատասխանը պիտի ըլլար, անկասկած՝ «այո՛, ուժը կը գերազանցէ», այսօրուան միջազգային քաղաքական իրավիճակը նկատի առած։ Բայց կայ նաեւ ասոր յարակից միւս հարցումը՝ «Մեծ տէրութիւններու ռազմավարական շահերը եւ դաշնակցութիւնները կը գերազանցե՞ն օրէնքը»։ Ասոր ալ պատասխանը անշուշտ «այո՛» է. Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու վրայ յարձակումի եւ Արդարատութեան միջազգային ատեանի վճիռի անտեսման պայմաններուն մէջ։ Բանախօս՝ Տիգրան Եկաւեանի հարցադրումը տեղին էր՝ ի՞նչ կ՚արժէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը երկտասնեակ մը պետութիւններու կողմէ, երբ Հայութեան հանդէպ նոր ցեղասպանութեան մը առաջքը կարելի պիտի չըլլայ առնել Արցախի մէջ։ Բայց հարցադրումը տեղին է ոչ միայն միջազգային յարաբերութիւններու պարագային, այլ նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան։ Անկախութեան 30 տարիները ցաւալի եւ ամօթալի քաղաքական իրավիճակ մը կը պարզեն, երբ ժողովրդավար հանրապետութեան շղարշին տակ օրէնքի ոտնակոխումը, անարդարութիւնը, կաշառքը եւ բռնութիւնը եղած են ընթացիկ կառավարելաձեւ եւ կայացած պետութիւնները գործածած են ուժը՝ օրէնքը գործադրելու համար։ Միայն թաւշեայ յեղափոխութենէն սկսեալ Հայաստան որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրած է այս գետնին վրայ։
Ապրիլ 16-ին, ՀՅԴ Արմէն Գարօ կոմիտէութեան եւ Նոր Սերունդի կազմակերպած կլոր սեղանի նիւթը՝ «Ղարաբաղի Ինքնորոշման իրաւունքէն մինչեւ Արցախի հանրապետութեան ճանաչում», մատը կը դնէր հայութիւնը յուզող մեծ ողբերգութեան մը վրայ։ Թէեւ հարցումը իր բանաձեւումով բոլորովին անիմաստ էր, որովհետեւ Արցախ արդէն 30 տարի առաջ իր ինքնորոշումին իրաւունքը գործածեր էր եւ ընտրեր՝ անկախութիւնը։ Այսօրուան բուն հարցադրումն է՝ ազերական ցեղային բնաջնջումին վտանգին դիմաց որո՞նք են անկախութեան ճանաչումի ելքերը։ ՀՅԴ-ն եւ միջազգային վերլուծաբանները ի՞նչ լուծումներ կ՚առաջարկեն։
Հրապարակախօս-քաղաքական վերլուծաբան Քրիսթիան Մակարեանի համար Ղարաբաղը ոչ հայկական է, ոչ ալ ազերական, այլ՝ ռուսական, մանաւանդ 2020-ի զինադադարի յայտարարութեամբ։ Սակայն, Ուքրաինական պատերազմը խանգարեց Արցախին տիրանալու Ռուսաստանի ծրագիրը։ Բանախօսին կարծիքով, նոյնիսկ 44-օրեայ պատերազմը Ռուսաստանին դաս չեղաւ, այն իմաստով որ հայկական բանակի պարտութիւնը նա՛եւ ռուսական բանակի, անոր ռազմական հայեցակարգի ձախողումն էր։ Այսօր անորոշութիւն կը տիրէ. Արցախի կարգավիճակի վերջնական ելքը կապուած է ռուս-ուքրաինական պատերազմէն։ Ամէն պարագայի, Մակարեանի համար առանց երրորդ կողմի միջամտութեան՝ Հայերն ու Ազերիները անկարող են Արցախի կարգավիճակը ճշդելու։
«Ֆիկառօ-մակազին»-ի խմբագրութեան փոխտնօրէնին կեցուածքը շատ աւելի գործնապաշտ է. Ազերիներուն մտադրութիւնը Արցախի հայաթափումն է։ Զինեալ յարձակումները, շրջափակումը, ապրելու պայմանները անտանելի դարձնելը նպատակ ունին ժողովուրդին ինքնակամ կամ ուժով հեռացումը։ Միակ լուծումը՝ հազիւ սահմանները բացուին, փոխանակ Արցախցիները Արցախէն հեռանալու, Հայերը պէտք է երթան եւ հաստատուին Արցախի մէջ, աւելի ամուր կերպով դիմադրելու համար Ազերիներուն։ Բանախօսին համար Արցախը Հայաստանի պաշտպանական պարիսպն է, եթէ ան ոչնչանայ, Հայաստան եւս կ՚ոչնչանայ։
ՀՅԴ Բիւրոյի ֆրանսահայ երկու անդամներէն՝ Մուրատ Փափազեանի համար մեղաւորը Հայաստանի պետութիւնն է, որ իր դերը չէ կատարած Արցախը պաշտպանելու գործին մէջ։ Յովսէփ Տէր Գէորգեան ալ առանց հեռանալու ՀՅԴ-ի հակափաշինեանական ուղեգիծէն, նշեց որ Հայաստան պէտք է ապաւինի ինքն իր ուժերուն, ամրացնելով բանակը, ժողովրդային բանակ մը ստեղծելով։
Հետաքրքրական է ընդգծել որ այս երկու հանրային հանդիպումներուն մասնակիցներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Հայեր էին։ Որքան որ Արցախի բնակիչներուն հանդէպ ցեղային մաքրագործումի վտանգը մեծ է եւ իրական, նոյնքան ալ մեծ է միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը Արցախի ժողովուրդի անկախութեան նկատմամբ։ Երրորդ երկիր մը չկայ, որ Հայաստանի օգնութեան հասնի։ Հայ ժողովուրդը ինքն իր գլխուն ճարին պէտք է նայի, այսուհանդերձ գոյութենական պայքարը չունի այն ուժականութիւնը, որ քաղաքական ուժերը պահ մը իրենց տարակարծութիւնները մէկդի դնեն ու ստեղծուած վտանգին դիմաց միասնակամ պայքարին։ Թէեւ այս կրնար ըլլալ ՀՅԴ քաղաքական ուղեգիծը, նկատի առած անոր Սփիւռքի եւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ներկայութիւնը եւ անոր պատմական առաքելութիւնը։
Ժ.Չ. ■