Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախը պաշտպանելու պարզագոյն միջոցը

Սեպտեմբեր 2-ին նշուեցաւ Արցախի անկախութեան տօնը, նախորդ շաբաթ Բերձորի միջանցքի յանձնումի ծանր պայմաններուն ներքոյ։ Միջազգային դիւանագիտական նրբանցքներուն մէջ եռուզեռը մեծ է, բայց արագ լուծումի մը հասնելու յոյսերը՝ փոքր։ Բայց եւ այնպէս, Արցախցիները չեն վհատիր։ Ինքնակազմակերպումի աշխատանք կը տարուի, առանց այս նիւթին շուրջ տանիքներէն աղաղակելու։ Եւ անկասկած այս երեւոյթն է որ աւելի կը վախցնէ Ազերիները, որոնք կ՚ուզեն շուտափոյթ խաղաղութեան պայմանագիր մը պարտադրել Հայաստանին իրենց որոշած պայմաններով։

Պրիւսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան հովանաւորութեամբ՝ Փաշինեան-Ալիեւ- Միշէլ հանդիպումը եւս չապահովեց հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը։ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի այցելութիւն Մոսկուա եւ յետոյ՝ ԱՄՆ, ցոյց կու տան որ սուր մրցակցութիւնը դեռ կը շարունակուի Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ՝ հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական ամուր դիրքեր ապահովելու համար։

Բնականաբար Ռուսաստանի դիրքը աւելի զօրաւոր է, նկատի առնելով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ անոր ունեցած ռազմական ներկայութիւնը։ Սակայն, Ուքրաինայի պատերազմին երկարաձգումը եւ արեւմտեան պատիժները թուլացուցած են Մոսկուայի դիրքերը, ինչ որ առիթ կու տայ Ազերպէյճանին որ՝ Հայաստանի ու Արցախի հանդէպ անզիջող ու առաւելապաշտական պահանջներ ներկայացնէ, անտեսելով նոյնիսկ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրը։

Շատ մտահոգիչ են մեծ պետութիւններու հովանաւորած հանդիպումներուն զուգահեռ՝ Ազերիներու գրեթէ ամէնօրեայ յայտարարութիւնները թէ՝ հայկական ուժերը խախտած են հրադադարը, որոնք թէեւ կ՚արժանանան հայկական կողմի հերքումին, բայց եւ այնպէս լարուած կը պահեն մթնոլորտը եւ կը յառաջացնեն լայնածաւալ յարձակումի մը նախապատրաստութեան մտավախութիւնը։ Այդպէս կը գուժէ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը, որ յաճախ կը կրկնէ թէ ազերական կողմը խաղաղութեան գործընթացը տապալելու մտադրութիւն ունի։

Արցախի հարցին շուրջ արդէն ամիսներէ ի վեր տիրող սպասողական եւ սպառնալիքներով լի այս ժամանակաշրջանին, անսպասելի անակնկալ մըն էր մեկենաս, գործարար եւ դրամատէր Ռուբէն Վարդանեանի երեւումը արցախեան երկնակամարին տակ, որ հանդէս եկաւ ցնցիչ յայտարարութեամբ մը թէ՝ վերջնապէս պիտի հաստատուի հոն՝ Արցախ եւ միաժամանակ կը հրաժարի ռուսական հպատակութենէն։ Ռուբէն Վարդանեան ծագումով ղարաբաղցի չըլլալով հանդերձ, անտեսելով Արցախի գլխուն կուտակուած մութ ամպերը, վտանգներով լի ապագան, նման յանդուգն քայլի դիմած է, ինչ որ բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ բացաւ քաղաքական շրջանակներու մէջ։ Նոյնիսկ, ծագումով ղարաբաղցի Հայաստանի նախկին նախագահներ՝ Ռոբերտ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան նման յանդուգն քայլի չեն դիմած։

Ռ. Վարդանեան հանրային մեծ ճանաչում եւ վարկ վայելող անձնաւորութիւն է։ Տաթեւի թեւեր, Դիլիջանի միջազգային դպրոց, Աւրորայի տարեկան մրցանակ, Մատենա զարգացման ծրագիր, «Ապագայ հայկականը» համահայկական համագումարի կազմակերպում եւ կրթական, մշակութային, ընկերային, տնտեսական, համահայկական նշանակութիւն ունեցող բազմաթիւ այլ ծրագրերու հեղինակ է։ Ռուսաստանի Փութինին, Մետվետեւին մօտիկ անձնաւորութիւն է, որ ԱՄՆ-ու կողմէ՝ ռուս մեծ դրամատէրերու սեւ ցանկին մէջ անցած է, իր հարստութիւնը Ռուսաստանի մէջ դիզած։ Ի՞նչ խորհուրդ ունի անոր ռուսական հպատակութենէն հրաժարիլը եւ Արցախի մէջ հաստատուիլը։ Վայր մը որուն անվտանգութիւնը կ՚ապահովեն ռուս խաղաղապահ ուժերը։ Անոր հայրենասիրական այս քայլը բնականաբար չէր կրնար առնուիլ առանց Քրեմլինի հետ խորհրդակցութեան։

Ռուբէն Վարդանեան ունի նոր քաղաքական իշխանութիւն ձեւաւորելու հեռանկար։ Անոր տնտեսական զարգացման ու կառավարման կրթութեան «Մատենա» ծրագիրը համայնքներու նոր սերունդի ղեկավարներ ձեւաւորելու նպատակը կը հետապնդէ։ «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան զօրակցող անձնաւորութիւն է։ Արցախի պատերազմի աւարտին յայտարարութեամբ հանդէս եկած էր թէ աւելի պիտի ներգրաւուի Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ։ Արցախ հաստատուելով՝ նոր էջ մը բացաւ հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ, որ գործնական հայրենասիրութեան պարզագոյն արտայայտութիւնն է՝ Արցախը պաշտպանել Արցախ ապրելով, ոչ միայն կենացով, երգելով, ճառեր արտասանելով ու դրօշակ ծածանելով։

Ժ.Չ. ■