Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը ընդունած է Հայաստանի ընդդիմադիր երեսփոխանները

Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, խորհրդարանի խմբակցութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու խումբ մը երեսփոխաններու հետ։

Ներկաները նախ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են արցախեան բոլոր պատերազմներու ընթացքին նահատակուած հայորդիներու յիշատակը։

Շնորհաւորելով  Արցախի օրուան առթիւ՝ Ա․ Թովմասեան ողջունած է հիւրերը այս յիշարժան օրը Արցախի եւ Արցախցիին կողքին գտնուելնուն համար։

Հանդիպումին, խորհրդարանի ղեկավարը խօսած է յառաջիկային Արցախ-Հայաստան բարեկամական խումբի շրջանակին մէջ միջխորհրդարանական յանձնաժողովի միատեղ նիստ գումարելու մասին։

Անդրադառնալով 2022 մարտեան և օգոստոսեան դէպքերուն՝ Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ այսօր վտանգի տակ է ո՛չ միայն Արցախի մէջ ապրելու իրաւունքը, այլեւ Արցախցիի կեանքի իրաւունքը։ Արթուր Թովմասեան հաւաստած է, որ Արցախի Ազգային ժողովին մէջ ընդգրկուած խմբակցութիւններու դիրքորոշումը Արցախի կարգավիճակի հարցին գծով անփոփոխ է ու անսակարկելի։ Հայաստանցի երեսփոխանները հանդէս եկած են շնորհաւորական ելոյթներով, հաստատելով որ՝ միշտ Արցախի եւ Արցախցիին կողքին կը մնան։ 

Հանդիպման առանցքային հարցերու շարքին եղած են՝ Արցախի անվտանգութիւնն ու հետագայ ճակատագրի տեսլականը։