Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագրով՝ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է Սերկէյ Ղազարեան:
Նախագահական մէկ այլ հրամանագրով Դաւիթ Բաբայեան ազատ կացուցուած է Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարի պաշտօնէն:
Սերկէյ Ղազարեան ցարդ կը վարէր Հայաստանի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցչի պաշտօնը: