Բերձորի միջանցքով կառքերու երթեւեկը վերականգնելու եւ օգտագործման պայմաններու կարգը հաստատելու հարցը Մարտ 1-ին քննարկուած է՝ Ազերպայճանի ու Արցախի ներկայացուցիչներու եւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարին մասնակցութեամբ։ Լուրը հաղորդած է ռուս զօրակազմի հրամանատարութիւնը։
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ ելեկտրականութեան եւ կազի անխափան մատակարարման առնչուող խնդիրներուն։
Բացի ատկէ, հանդիպումին քննարկուած է Դրմբոնի եւ Կաշէնի հանքավայրերուն մէջ ազերպայճանական կողմի ներկայացուցիչներու դիտարկութեան կարելիութիւնը։
Կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է հետագայ համագործակցութեան վերաբերեալ՝ լարումի նուազեցման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման ուղղութեամբ։