Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի թեմի առաջնորդ.– “Դադիվանքի մէջ հայ հոգեւորականները կը շարունակեն ծառայութիւնը, բայց ուխտաւորներու այցը տակաւին արգիլուած է” 

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան «News.am»-ին տուած հարցազրոյցին յայտնած է, թէ Մարտ ամսուն երկու շաբաթ կապ չեն ունեցած Դադիվանքի մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցող հոգեւորականներուն հետ, չեն կրցած սնունդ ուղարկել, նոյնը նաեւ՝ ռուս խաղաղապահներուն հետ, բայց հիմա կապը վերահաստատուած է։

“Հայ հոգեւորականներն իրենց ծառայութիւնն են մատուցում, սակայն ուխտաւորների այցը շարունակում է կասեցուած մնալ։ Մենք դիմել ենք, որ եթէ հնարաւոր լինի, Զատիկին ուխտագնացութիւններ կազմակերպենք, որ մարդիկ գնան եւ պատարագի մասնակցեն”,– յայտարարած է Արցախի թեմի առաջնորդը։

Հարկ է նշել, թէ հայ ուխտաւորները անցեալ Մայիս ամիսէն ի վեր չեն կրնար մուտք գործել Դադիվանք։ Մինչ այդ անոնք խումբերով, ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ կ՚այցելէին հոն, բայց Ազէրպայճանցիները հետզհետէ դժուարացուցին վանքէն ներս հայ ուխտաւորներու մուտքը։ 

Արցախի թեմի առաջնորդը այս ընթացքին բազմիցս այդ հարցը բարձրացուցած է թէ՛ տեղական իշխանութիւններու, թէ՛ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարին եւ հոգեւորականին հետ իր զրոյցներուն։