Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի իւրաքանչիւր ոչնչացուած խաչքար, պղծուած եկեղեցի կամ նենգափոխուած պատմական յուշարձան կորուստ է ամբողջ քաղաքակրթութեան համար

Ապրիլ 18-ին,երբ աշխարհը կը նշէր Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրը՝ իբրեւ մշակութային բազմազանութեան ճանաչման, յարգանքի եւ պահպանման խորհրդանիշ, Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան Յովիկ Ավանէսով օրուան առիթով կը գրէր.

«Սակայն մեզի համար այս օրը վերածուած է ոչ միայն յարգանքի, այլեւ խոր մտահոգութեան եւ ահազանգի առիթի։ Այսօր, երբ մարդկութիւնը կը ձգտի մշակութային ժառանգութիւնը նկատել որպէս համընդհանուր արժէք, Արցախի մէջ մենք ականատես կ’ըլլանք անոր նպատակային եւ համակարգուած ոչնչացման։ Ազերպայճանի կողմէ իրականացուող մշակութային ցեղասպանութիւնը հարուած է ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան։ Արցախի տարածքին գտնուող բազմաթիւ հայկական պատմամշակութային յուշարձաններ՝ եկեղեցիներ, վանքեր, խաչքարեր, դամբարաններ, ամրոցներ եւ բնակավայրեր, դարձած են պետական մակարդակով մշակուած վանդալական քաղաքականութեան թիրախ։ Այսօր այդ յուշարձանները վանդալական արարքներու կ’ենթարկուին, կ՚իւրացուին այլ մշակոյթի անուան տակ, կը ջնջուին անոնց ինքնութեան հետքերը՝ արձանագրութիւնները, ճարտարապետական առանձնայատկութիւնները, պատմական վկայութիւնները։ Այս ամէնը կ՚ուղեկցուի պատմութեան կեղծումով՝ փորձելով հայ մշակոյթը վերագրել այլ ցեղային եւ կրօնական խումբերու։ Աւելին՝ Ազերպայճան հետեւողականօրէն կը մերժէ միջազգային անկախ փորձագէտներու մուտքը Արցախի մշակութային օճախներ՝ փակելով դիտորդական գործիքակազմերու գործարկման կարելիութիւնը եւ խորացնելով անպատժելիութեան մթնոլորտը։ Այս ամէնը կ՚ոտնահարէ ոչ միայն մշակութային իրաւունքները, այլեւ միջազգային իրաւունքի չափանիշերը։ 

Յիշեցնենք, որ որեւէ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելը եւս ցեղասպանութեան բաղադրիչ է։ Միջազգային համաձայնագրերը չեն շրջանցեր այս հարցը եւ տարբեր դրոյթներով ամրագրած են պատերազմներու ժամանակ մշակութային արժէքներու պահպանութիւնը հոգալու, զանոնք ոտնձգութիւններէ զերծ պահելու չափանիշերը։ Մենք ցաւով կ՚արձանագրենք, որ նոյն միջազգային կազմակերպութիւններու արձագանգը, անոնց մէջ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի, ցարդ եղած է անբաւարար՝ յաճախ սահմանափակուելով ընդհանրական եւ ոչ-պարտադրող յայտարարութիւններով։ Այդ լռութիւնը կամ անգործութիւնը պէտք չէ ծառայեն որպէս նոր հնարաւորութիւն՝ մշակութային ցեղասպանութիւնը շարունակելու համար։ 

Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը կը պատկանի ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ համայն մարդկութեան։ Անոնք համաքրիստոնէական, համամարդկային արժէքներ են։ Իւրաքանչիւր ոչնչացուած խաչքար, պղծուած եկեղեցի կամ նենգափոխուած պատմական յուշարձան կորուստ է ամբողջ քաղաքակրթութեան համար։ Մենք կը վերահաստատենք մեր վճռականութիւնը՝ պայքարելու Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, փաստագրման եւ միջազգային հարթակներու մէջ անոր ճանաչման համար։ Մենք կոչ կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան՝ դուրս գալու ձեւական մտահոգութիւններէ եւ գործելու յանուն համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան»։