Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Հայերուն անվտանգութիւն խոստացող Ալիեւի խամաճիկը կը սպառնայ հայերու արիւնը խմել

Ի հեճուկս Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիևի յայտարարութիւններուն, թէ Ազերպայճան պատրաստ է իր օրէնքներու շրջանակներու մէջ ապահովել Արցախի հայութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները՝ Բերձորի միջանցքը արդէն 100 օր շարունակ փակ պահող այսպէս կոչուած «բնապահ»-ները Հայերը սպանելու բացայայտ սպառնալիքներ կը հնչեցնեն։

Ընկերային ցանցերու մէջ սփռուած է տեսանիւթ մը, ուր միջանցքը փակած կեղծ «բնապահ»-ներէն մէկը բացայայտօրէն կը սպառնայ սպանել Հայերը։ “Մենք շուտով Նովրուզի տօնին այստեղ Հայ կը մորթենք եւ անոր արիւնը կ՚աւելցնենք քեպապի մէջ”,– լիրբ ժպիտով կը յայտարարէ Ազերպայճանցին, զուարճացնելով զինք շրջապատողները։

Սոյն տեսանիւթին անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էդմոն Մարուքեան։ «Արիւնարբու վարչակարգի եւ անոր խամաճիկների համար երբեք բաւարար չէ Արցախի 120 հազարանոց բնակչութիւնը սովի մատնելը։ Հիմա նրանց կեղծ «բնապահ»-ը սպառնում է սպանել բոլոր Հայերին եւ բառացիօրէն խմել նրանց արիւնը։ Մենք իսկապէ՞ս 21-րդ դարում ենք։ Շրջապատում ինչ-որ տեղ կա՞յ քաղաքակիրթ աշխարհ»,– «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին գրած է ան։