Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան. «Անընդունելի է միջազգային հանրութեան ցուցաբերած ոչ-գործունեայ վերաբերումը»

 

Արցախի Հանրապետութեան մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Կրթութեան միջազգային օրուան (Յունուար 24) առիթով նամակներ յղած է Եւրոպայի խորհուրդի մարդկային իրաւանց յանձնակատարին, ԻՒՆԻՍԷՖ-ի ընդհանուր տնօրէնին եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող միջազգային այլ կազմակերպութիւններուն ու դերակատարներուն։

Ան անդրադարձած է Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամին, Արցախի կարեւոր ենթակառոյցներու գործունէութեան միտումնաւոր խափանումներուն եւ այդ պատճառով երախաներու կրթութեան եւ այլ հիմնական իրաւունքներու խախտումին:

«Անընդունելի է միջազգային հանրութեան ցուցաբերած  ոչ-գործունեայ վերաբերումը՝ Արցախի տասնեակ հազարաւոր երախաներու կրթութեան եւ այլ հիմնական իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու նկատմամբ»,– ընդգծած է Ստեփանեան, նշեալ կազմակերպութիւններուն կոչ յղելով խօսքէն անցնելու յստակ հասցէական քայլերու, հաւատարիմ մնալով ՄԱԿ-ի Երախաներու իրաւունքներու մասին 1989-ի համաձայնագրի սկզբունքներուն: