Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում կատարող monumentwatch.org կայքը կը գրէ.
«Ազերպայճանի մէջ Կովկասի պատմութեան կեդրոնի տնօրէն Ռիզուան Հուսեյնով 2025 Մայիս 17-ին իր թելեկրամեան ալիքին վրայ իր իսկ մեկնաբանութեամբ ու մասնակցութեամբ տեսանիւթ մը հրապարակած է, ուր կը յայտնէ Գարեգին Նժդեհի յուշարձանի ոչնչացման մասին՝ ներկայացնելով հերոսը որպէս «ֆաշական», իսկ յուշարձանի ոչնչացումը՝ «հերոսութիւն»։
Հուսեյնով նշած է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի յուշարձանի ոչնչացման մասին»։ ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։