Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան 20 զինուորներու մահուան պատասխանատու նկատուած է

Յունուար 15-ին, Սիւնիքի մարզի դատարանը՝ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօրավար Ջալալ Յարութիւնեանը յանցաւոր նկատած է ռազմական դրութեան, պատերազմի ժամանակ զինուորական ծառայութեան նկատմամբ անփոյթ վերաբերումին համար, որ ծանր հետեւանքներու պատճառ դարձած է։ Այս մասին «Ազատութիւն» լրասփիւռին հաղորդած է տուժող կողմի փաստաբան Լիպարիտ Սիմոնեան՝ աւելցնելով, թէ պատիժը կ՚որոշուի յաջորդ նիստին եւ կը նախատեսուի 5–10 տարի բանտարկութիւն։

Սիմոնեանի համաձայն՝ դատարանը մեղաւոր ճանչցած է Ջալալ Յարութիւնեանը՝ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին՝ Հոկտեմբեր 12 -ին, Վարանդայի ուղղութեամբ՝ Ջուվառլու կոչուող բնակավայրի մօտակայքը, մահուան պատճառ դառնալու յանցանքով «Ցորի» զօրամասի 20 զինուորներու, որոնք սխալ հրահանգի պատճառով յայտնուած էին ազերպայճանական զինուժի պաշարման մէջ եւ սպանուած։

Ենթական չ՚ընդունիր վերոնշեալ մեղադրանքը։