Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ. ԱՀ խորհրդարանը հիւրընկալած է ՀՀ նորընտիր ՄԻՊ Քրիստինէ Գրիգորեանը

Մարտ 4-ին,  Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ հիւրընկալուած է ՀՀ մարդկային իրաւանց նորընտիր պաշտպան (ՄԻՊ) Քրիստինէ Գրիգորեանի ղեկավարած պատուիրակութիւնը:

ԱՀ ԱԺ լրատւութեան և հանրութեան հետ կապերու բաժինէն հաղորդած են, թէ Հայաստանի ՄԻՊ-ը նախ ընդունուած է Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Գագիկ Բաղունցի կողմէ: Ան շնորհաւորած է Գրիգորեանը՝ այդ պատասխանատու պաշտօնին ընտրուելուն կապակցութեամբ եւ անոր մաղթած՝ արգասաբեր աշխատանք:

Հանդիպումին քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջև համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Գրիգորեան տեղեկացուցած է, թէ ամէնօրեայ կապի մէջ է Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանի հետ ու հաւաստած, որ դիտարկումներու, խախտումներու արձանագրութեան, միջազգային ատեաններու մէջ Արցախցիներու  իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով առաւել պիտի սերտացնեն կապերը:

Տեսակցութեան ներկայ Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպանը շեշտած է  ընթացքի մէջ գտնուող ծրագրերը շարունակելու եւ գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Այնուհետև, հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով՝ Խորհրդարանի խմբակցութիւններու ղեկավարներու եւ յանձնաժողովներու նախագահներու  մասնակցութեամբ:

Խորհրդարանականները ընդգծած են այն հանգամանքը, որ Հայաստանի նորընտիր ՄԻՊ-ը իր առաջին այցը կատարած է Արցախ: Քննարկուած են մարդկային իրաւանց առնչուող հրատապ հարցեր: Քրիստինէ Գրիգորեան խօսած է Արցախի մէջ միացեալ ժողով հրաւիրելու իր մտադրութեան մասին։

Պատուիրակութեան կազմին մէջ Արցախ ժամանած Հայաստանի ՄԻՊ-ի գրասենեակի պատասխանատուները պատրաստակամութիւն յայտնած են համագործակցելու Արցախի իրենց պաշտօնակիցներուն հետ։