Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի արեւելեան սահմանագօտիին մէջ Պաքուի կողմէ «Պայրաքթար»-ներու հարուածներու հետեւանքով երեք հայ զինուոր նահատակուած է. 14 ուրիշներ ալ վիրաւորուած են

Արցախի արեւելեան սահմանագօտիին մէջ իրավիճակը կը մնայ ծայր աստիճան լարուած

Մարտ 24-ին, Ազէրպայճանի զինեալ ուժերը, խախտելով 2020 Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութեան պահանջները, ներխուժած են Արցախի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատւութեան տակ գտնուող շրջանը, վերահսկողութեան տակ առնելով Ասկերանի Փառուխ գիւղն ու յարակից դիրքերը, ապա փորձած են առաջխաղք ապահովել Արցախի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագօտիին մէջ:

ԱՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի եւ Արցախի համապատասխան մարմիններուն կողմէ ժամեր տեւած բանակցութիւնները էական արդիւնքներ չեն տուած, եւ հակառակորդը չէ վերադարձած իր նախկին դիրքերը: Աւելին՝ ազէրպայճանական ստորաբաժանումները Մարտ 25-ի լուսցող գիշերուան ընթացքին կրակ բացած են Պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն վրայ՝ կիրարկելով տարբեր տրամաչափի հրացանաձգային զինատեսակներ եւ հարուածային անօդաչու սարքեր:

Մարտերու ընթացքին հակառակորդը նուազագոյնը հինգ զոհ տուած է, իսկ հայկական կողմէն զինուոր մը վիրաւորուած է։

Իսկ Մարտ 25-ին, Արցախի արեւելեան սահմանագօտիին մէջ հակառակորդի յարձակումներուն եւ մասնաւորապէս Bayraktar TB-2 տեսակի անօդաչու սարքերու հարուածներու հետեւանքով զոհուած են երեք հայ զինուորներ, 14 ուրիշներ ալ վիրաւորուած են։

Նոյն օրը, Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեան այցելած է Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոցը եւ ծանօթացած վիրաւոր զինուորներու առողջական վիճակին։

Ան Դիմագիրքի իր էջին գրած է.-

«Հրադադարի պայմաններում զինուորական անձնակազմի նկատմամբ նման գործողութիւնները եւս պէտք է դիտարկուեն որպէս յանցագործութիւններ եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներ, մա՛նաւանդ, որ վիրաւորների հետ ունեցած առանձնազրոյցներից ի յայտ եկաւ, թէ նրանցից ոմանք անօդաչու սարքերով դիտաւորեալ թիրախ են հանդիսացել այն պահին, երբ փորձում էին առաջին օգնութիւն ցուցաբերել իրենց վիրաւորուած ընկերներին, այսինքն երբ իրականացնում էին մարդասիրական գործողութիւն։

Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմից համակարգային կերպով իրագործուող ցեղային զտման ու ցեղասպանական գործողութիւնների պայմաններում, Արցախի պաշտպանութեան ուժերը անառարկելիօրէն իրականացնում են միջազգային փաստաթղթերով ամրագրուած ինքնապաշտպանութիւն՝ ապահովելու համար Արցախի ժողովրդի կեանքի և գոյութեան իրաւունքը»:

Ընդհանուր առմամբ Արցախի արեւելեան սահմանագօտիին մէջ իրավիճակը ծայր աստիճան լարուած կը մնայ։