Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեան նամակներ ուղարկած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած շարք մը երկիրներու դեսպաններուն:
Նամակներուն մէջ ներկայացուած են Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ յառաջացած մարդասիրական խնդիրները, ինչպէս նաեւ կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խափանման բացասական ազդեցութիւնը ժողովուրդի առօրեայ կեանքին եւ Հանրապետութեան տնտեսութեան վրայ:
Ընդգծուած է, որ շրջափակումը Ազերպայճանի՝ Արցախի հայաթափման ուղղուած առաջին փորձը չէ, այլ ուղղակի շարունակութիւնն է 2020-ի Պաքուի սանձազերծած պատերազմին, որուն հետեւանքով բռնագրաւուած է Արցախի տարածքի զգալի մասը, իսկ 38.000 հոգի դարձած է գաղթական կամ ներքին տեղահանուած:
Նշուած է, թէ Կաշէնի հանքավայր անկախ միջազգային դէտեր գործուղելու Արցախի կառավարութեան առաջարկին՝ Ազերպայճանի կողմէ մերժումը անգամ մը եւս կ՚ապացուցէ, որ ազերպայճանական յատուկ ծառայութիւններու կողմէ ղեկավարուող «բողոքի ցոյցը» բոլորովին այլ նպատակ կը հետապնդէ՝ յատկապէս վերահսկողութեան տակ առնելու Բերձորի միջանցքը՝ ի խախտումն 2020 Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան:
Շեշտուած է, որ Ազերպայճանի կեղծ պնդումները առ այն, որ Բերձորի միջանցքը բաց է, կը հերքուին այն փաստով, որ 2022 Դեկտեմբեր 12-էն առ այսօր Արցախի ոեւէ բնակիչի պատկանող կառք այդ ճամբայէն չէ անցած: Իրականութեան մէջ փակուած ճամբայէն անցնելու արտօնութիւն կը ստանան մի՛այն Կարմիր Խաչի եւ ռուս խաղաղապահ զօրակազմին պատկանող կառքերը: Աւելի՛ն, չկարենալով միջազգային հանրութիւնը համոզել, որ «բողոքի ցոյցը» իբրեւ թէ բնապահական բնոյթ կը կրէ՝ Ազերպայճանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ Բերձորի միջանցքին տեղի ունեցածը իրենց ներքին գործն է, եւ անոնք պարտաւոր չեն զայն քննարկելու որեւէ երկրի հետ։ Մինչդեռ ակնյայտ է, որ Ազերպայճանի վերոնշեալ բոլոր գործողութիւնները կը հետապնդեն միայն մէկ նպատակ՝ հայաթափել Արցախը։
Նամակներուն մէջ նախարար Սերկէյ Ղազարեան կոչ ըրած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն՝ իրենց կառավարություններուն ներկայացնել զարգացումներու իրական պատկերը: Նշուած է. «Կը յորդորենք Ձեր կառավարութեան հաղորդել մեր կոչը՝ գործուն միջոցներու ձեռնարկելու, այդ կարգին՝ կիրարկելու պատիժներ կամ ազդեցութեան այլ գործիքակազմ՝ ուղղուած Արցախի ապաշրջափակման եւ Ազերպայճանի դատապարտելի նպատակներու կանխումին»: