Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ – Ռուս խաղաղապահներու կեդրոնին մօտ կը շարունակուի համաժողովրդական շարժումի խաղաղ  ցոյցը

Ստեփանակերտի օդակայանի շրջափակին մէջ կը շարունակուի Յուլիս 14-էն սկսած  համաժողովրդական շարժումի խաղաղ ցոյցը:

Ասկերանի վարչակազմի «Բերդ» պաշտօնաթերթին համաձայն՝ անժամկէտ ցոյցին կը մասնակցին շրջանի բնակչութիւնը, քաղաքի ղեկավարութիւնը եւ տարբեր համայնքներու Հայութիւնը: 

«Ռուս խաղաղապահներուն ներկայացնելով իրենց անհամաձայնութիւնը՝ 2020 Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրի որոշ կէտերու ոչ-լիարժէք իրագործման առնչութեամբ, Արցախցին կը փափաքի ըսել, որ ոտքի ելած է հերոս քաջորդիներու կեանքի գինով սրբացած հողը եւ իր երկրին մէջ ազատ ապրելու իրաւունքը պաշտպանելու համար։ 2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր պաշարման մէջ գտնուող 120 հազար Արցախահայերուն ճակատագիրը վտանգի տակ է: Սովամահ ըլլալու եւ ցեղասպանուելու վտանգը ո՛չ ոք իրաւունք ունի անտեսելու: Մեր երկրին համար ծայրայեղ ծանր այս վիճակին մէջ պէտք է բռունցքուինք ինչպէս 88-ին, պայքարինք մեր իրաւունքներու եւ մեր հարազատ հողին վրայ ապրելու համար: Յուսահատելու, խուճապի մատնուելու իրաւունք չունինք»,– կը գրէ թերթը։