ԱՐՑԱԽ – Ստեփանակերտի մէջ բեմադրուած է Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան

Մայրաքաղաքի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ, Արցախի պետական ակադեմական երգչախումբին կողմէ Մայիս 12-ին բեմադրուած է Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան։

Բեմադրութեան  ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Նորայր Մկրտեան եւ մեծ թիւով Արցախցիներ։