Մարտ 7-ին, Արցախի Իվանեան գիւղին մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու յենակէտի տարածքին խումբ մը քաղաքացիներ բողոքի ցոյց կազմակերպած են: Մասնակիցները շուրջ երեք ժամ փակ պահած են յենակէտի բոլոր մուտքերը: Անոնք խաղաղապահ զօրակազմէն պահանջած են գործադրել 2020 Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրով ստանձնած իրենց պարտաւորութիւնները եւ ապահովել Արցախցիներու անվտանգութիւնը:
Ցոյցի կազմակերպման պատճառը Մարտ 5-ի ահաբեկչական արարքն էր, որու զոհ գացին երեք ոստիկաններ։