Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արևմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ` Խաժակ արք. Պարսամեանի հովուական այցելութիւնը Սպանիա

Սպանիոյ  Հայաստանեայց եկեղեցւոյ թեմի ստեղծման ընդառաջ

Յունուար 22-23-ին, հովուական այցով Սպանիա ժամանած է Արևմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեան:

Պարսելոնա քաղաքին մէջ Սրբազան հայրը հանդիպում ունեցած է տեղւոյն եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն հետ՝ մասնակցութեամբ Շնորհք աբեղայ Սարգսեանի։ Հանդիպումին քննարկուած են Պարսելոնայի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ վերակազմակերպման առնչուող հարցեր:

Նոյն օրը երեկոյեան Խաժակ արք.  Շնորհք աբեղայի ընկերակցութեամբ այցելած է Մատրիտ, ուր յաջորդ օրը մատուցուած է պատարագ, որուն ներկայ գտնուած են Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սօս Աւետիսեան եւ դեսպանատան անձնակազմը:

Պատարագի աւարտին կատարուած է հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ  Արցախեան վերջին պատերազմին նահատակուած մեր հերոս մարտիկներուն:

Իր այցի շրջանակին մէջ, Սրբազան հայրը Սպանական կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է միջեկեղեցական արարողութեան` «Քրիստոնեաներու միասնութեան շաբթուան» առիթով։

Այնուհետև հայրապետական պատուիրակին նախագահութեամբ տեղի ունեցած է եկեղեցական-համայնքային ժողով մը, մասնակցութեամբ Սպանիոյ տարբեր վայրերէն ժամանած Հայ առաքելական եկեղեցւոյ համայնքներու աջակից ներկայացուցիչներուն:

Ժողովի ընթացքին ներկայացուած է Խաժակ արք․ Պարսամեանի, Շնորհք աբղյ Սարգսեանի և փաստաբան Լևոն Գրիգորեանի կողմէ կազմուած ծրագրին նախագիծը՝ Սպանիոյ Հայաստանեայց եկեղեցին լաւագոյն կերպով վերակազմաւորելու և օրինական ու կանոնական դիրքերու վրայ արձանագրելու համար։ Վերջնական նպատակն է ապագային հիմնել Սպանիոյ  Հայաստանեայց եկեղեցւոյ թեմը։ Ժողովի մասնակիցներուն առիթ ընծայուած է մտքեր փոխանակելու ներկայացուած ծրագրին շուրջ։ Այնուհետեւ, ջերմ մթնոլորտին մէջ զրոյցը շարունակուած է հիւրասիրութեան ժամանակ։