Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնէն կը հաղորդեն, թէ Արցախ տանող ճամբան չորս ամիսէ ի վեր փակած «բնապահ» ազերպայճանցիները փոխարինուած են զինուորականներով։ Անոնք արդէն իսկ խոչընդոտ հանդիսացած են Արցախ՝ մարդասիրական բեռներ փոխադրող ռուս խաղաղապահներու բեռնակառքերու տեղաշարժին։ Գորիսէն Ստեփանակերտ սննդամթերք եւ կենցաղային պարագաներ փոխադրող խաղաղապահներու բեռնատարներուն 14 ժամ յետոյ միայն արտօնած են շարունակել իրենց ճամբան։
«Փաստօրէն, Արցախի շրջափակումը շարունակւում է երկու կէտում՝ Հակարիի կամուրջի մօտ Ապրիլ 23-ին տեղադրուած անցակէտով եւ Շուշիի մօտ՝ 2022 Դեկտեմբեր 12-ից փակուած հատուածով, որտեղ Ապրիլ 28-ին Ադրբեջանի կառավարութեան քաղաքացիական հագուստով գործակալներին արդէն բացէիբաց փոխարինել են ուժային մարմինների աշխատակիցները»,– կը հաղորդէ Տեղեկատուական կեդրոնը:
Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ «բնապահ»-ները փոխարինուած են Ազերպայճանի ներքին զօրքերով ու Շուշիի ոստիկանութիւնով։
Ըստ երեւոյթին ազերպայճանական զինեալները հաստատուած են Բերձորի միջանցքի երկու ծայրերուն, որու հետեւանքով ալ Շուշիի շրջանի չորս գիւղերը կտրուած կը մնան թէ՛ Ստեփանակերտէն, թէ՛ Հայաստանէն։