«Վիմագրութեան աւանդութիւնը Հայկական լեռնաշխարհի մէջ՝ Վանի թագաւորութենէն մինչեւ ուշ միջնադար» վերտառութեամբ գիտական ծրագրի ծիրէն ներս, վերջերս Վիեննայի՝ Գիտութիւններու ակադեմիայի բիւզանդագիտութեան բաժնին մէջ տեղի ունեցած է առաջին աշխատաժողովը, հայ եւ աւստրիացի գիտնականներու մասնակցութեամբ։
Վիմագրագէտ Արսէն Յարութիւնեան
Քննարկումներու ընթացքին ներկայացուած են միջնադարեան վիմագրութեան սկզբունքները, Վանի թագաւորութեան գրաւոր ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ վիմագրման աւանդութեան յունարէն եւ լատիներէն արձանագրութիւններու կարեւորութիւնը յունական եւ հռոմէական լեգէոններու պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։
Հայ գիտնականները այցելած են Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան կեդրոնը եւ ուսումնասիրած հոն պահուող շարք մը ձեռագիր մատեանները։ Անոնք հանդիպում ունեցած են Մխիթարեան հայրերուն եւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Նշենք, թէ աւստրիացի գիտնականներուն հետ յաջորդ աշխատաժողովը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։