Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՒՍՏՐԻԱ. Վիեննայի մէջ կայացած է ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը

Յունուար 14-էն 16, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի և նախարարութեան ղեկավար կազմի գլխաւորութեամբ, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է եւրոպական երկիրներու եւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ հաւատարմագրուած ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը։ Լուրը հաղորդած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը։

Հանդիպումին, ի շարս այլ հարցերու քննարկուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակին մէջ Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման գործընթացի լիարժէք վերագործարկման, տարածաշրջանի տնտեսական և հաղորդակցութեան ենթակառոյցներու ապաշրջափակման, Հայաստան-Ազէրպայճան սահմանագօտիի կայունութեան ու անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաև՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ընթացող գործընթացներու մանրամասնութիւնները։

Կարեւորութեամբ շեշտուած է առկայ համախոհութեան մթնոլորտին մէջ ՀՀ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններու սպասարկման ուղղուած առաւել աշխուժ գործունէութեան ծաւալումը։