Յունուար 28-ին, Բանակի օրուան առթիվ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի և այլ պաշտօնատարներու հետ այցելած է Եռաբլուր, ուր յարգանքի տուրք մատուցած է իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Վարչապետը ծաղիկներ խոնարհած է Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: