Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդութիւնը կը դատապարտէ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւնը

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդութիւնը հրապարակած է հետեւեալ դատապարտագիրը.

«Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Եղիա յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը, որ կիրակնօրեայ աղօթքի ընթացքին խլեց բազմաթիւ հաւատացեալներու կեանքեր եւ տասնեակներ վիրաւորուեցան։ Այս նողկալի յարձակումը, որ ուղղուած էր հաւատացեալներուն, կրկին կը բացայայտէ ահաբեկչութեան մութ դէմքը, որ չի տարբերեր համայնք կամ եկեղեցի եւ կը ձգտի ապակայունացնել շրջանը եւ խաթարել դարեր շարունակ սուրիացիները բնորոշող  խաղաղ գոյակցութեան ոգին։

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդութիւնը, յանձին թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ նահատակներու ընտանիքներուն, շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն եւ աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած՝ պաշտպանելու Սուրիան եւ անոր ժողովուրդը ամէն չարիքէ։

Դիւան Ազգային առաջնորդարանի

Հալէպ, 2025 Յունիս 22»