Արդարադատութեան միջազգային ատեանը հաղորդած է, որ Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ առժամեայ միջոց կիրարկելու Հայաստանի պահանջին մասին որոշումը կը հրապարակուի Փետրուար 22-ին՝ Երեւանի ժամով 19-ին, հրապարակային նիստի ընթացքին:
Նոյն օրը, աւելի ուշ կը հրապարակուի նաեւ Ազերպայճանի կողմէ ներկայացուած առժամեայ միջոց կիրարկելու պահանջի մասին որոշումը: