Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով առնուազն 5100 հոգի կորսնցուցած է աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը

Արցախի տեղեկատուական կեդրոնը ներկայացուցած է շրջափակման 54-րդ օրուան տեղեկագիրը Փետրուար 2-ի դրութեամբ։ Կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ 7 երախայ կը գտնուի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ: 12 չափահաս հիւանդ  կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքը, որոնցմէ 5-ը՝ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ. 568 քաղաքացիի ալ  անհրաժեշտ վիրահատութիւնը կարելի չէ եղած կատարել։

«Ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակի պատճառով նախնականօրէն առնուազն 5100 մարդ կորցրել է աշխատանքը եւ եկամտի աղբիւրը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ Կեդրոնին՝ այս 54 օրերուն աւելի քան 21.200 թոն կենսական նշանակութեան ապրանք մատակարարուած պիտի ըլլար Արցախ, եթէ չըլլար շրջափակումը, որու ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի միջոցով մատակարարուած է այդ ծաւալին միայն չնչին մէկ մասը: