Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱ – Կլէնտէյլի Հայ դատի յանձնախումբը խստօրէն կը դատապարտէ քաղաքի պատերուն վրայ փակցուած հակահայկական պաստառները

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի Կլէնտէյլի մասնաճիւղը խստօրէն կը դատապարտէ քաղաքի պատերուն վրայ փակցուած հակահայկական պաստառները, որոնք կը քարոզեն Հայոց ցեղասպանութիւնը աւարտին հասցնելու սարսափելի գաղափարը: Այս դատապարտելի արարքը կը յաջորդէ քանի մը շաբաթ առաջ Պեվըրլի հիլզի մէջ տեղի ունեցած նմանատիպ միջադէպին, որոնք կ՚ապացուցեն մեր համայնքներէն ներս հակահայ տրամադրութիւններու եւ ատելութեան յանցագործութիւններու աճող վտանգը:

«Իբրեւ Ամերիկահայ համայնքի բարօրութեան եւ յառաջընթացին նուիրուած կազմակերպութիւն, մենք խորապէս մտահոգ ենք այս ատելութեան արարքներէն, եւ տեղական իշխանութիւններուն կոչ կ՚ընենք մանրակրկիտ հետաքննելու սոյն միջադէպերը եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու մեղաւորները:

Հայոց ցեղասպանութիւնը` մարդկային պատմութեան մութ էջերէն է, որ պատճառ դարձաւ 1,5 միլիոն Հայերու նահատակութեան եւ տեղահանութեան: Նման վայրագութիւններու շարունակութեան նպաստելը ոչ միայն բարոյապէս զազրելի է, այլ նաեւ ուղղակի սպառնալիք է մեր համայնքի ապահովութեան եւ բարեկեցութեան համար:

Մենք կոչ կ՚ընենք մեր համաքաղաքացիներուն՝ համերաշխ ըլլալ ատելութեան, խտրականութեան եւ բռնութեան դէմ։ Մինչ մեր համայնքը կը պատրաստուի համախմբուելու՝ ոգեկոչելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը, այս միջադէպը կը յիշեցնէ մեզի, որ պէտք է զգօն ըլլանք ցեղասպանութեան ժխտումին եւ բոլոր ձեւերով ատելութեան հրահրումին»,– նշուած է Հայ դատի յանձնախումբին Մարտ 31-ին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։