Հոկտեմբեր 13-ին, Մոնթրէալի «Կէօնճեան» կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցած է Կոստան Զարեանի «Կղզին եւ մի մարդ» եւ Լօրընս Տառելի «Պրոսպերոյի Կղզին» զոյգ գործերուն միացեալ հրատարակութեան շնորհահանդէսը, որուն մասնակցած է Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ եւ գրքի խմբագիր՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Գրքի հրատարակութիւնը նախաձեռնութիւնն էր Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան «Օշական» մատենաշարի հրատարակչական հիմնադրամի խմբագրական կազմին, որուն անդամներէն գրականագէտ դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան եւ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան խօսք առած են ձեռնարկի ընթացքին։
Դոկտ. Մատթէոսեան, որ 30 տարիէ ի վեր ընդարձակ աշխատանք կը կատարէ Կոստան Զարեանի կեանքի եւ գրականութեան ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ, եւ հեղինակ է անոր մասին Սփիւռքի տարածքին լոյս տեսած առաջին մենագրութեան (1998), այս նոր հատորին մէջ ներկայացուցած է Զարեանի եւ Լօրընս Տառէլի փոխյարաբերութեան թղթածրարը, նիւթերու մանրամասն ծանօթագրութեամբ։
Այս մէկը Վարդան Մատթէոսեանի այս տարի լոյս տեսած չորրորդ գիրքն է, որուն նախորդած են երկու անգլերէն հատորներ՝ “The Politics of the Armenian Genocide: Language, History, and ‘Medz Yeghern” եւ “A Woman of the World: Armen Ohanian, the ‘Dancer of Shamakha’” (Արծուի Բախչինեանի համահեղինակութեամբ), եւ Աւրորա Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» Մեծ Եղեռնի վկայութեան սպաներէն նոր թարգմանութիւնը։